Ըստ «Հաարեց»-»ի. Մոսատ Մարզած Է Նելսըն Մանտելան
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի գործակալները մարզած են Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելան:
Ըստ իսրայէլեան օրաթերթին, Իսրայէլի արխիւային փաստաթուղթերը կը փաստեն, որ 1962-ին` իր ձերբակալումէն եւ երկարամեայ բանտարկութենէն առաջ, Մանտելա կապ հաստատած է իսրայէլացի հետախոյզներու հետ:
Փաստաթուղթերէն ի յայտ եկած է, որ Մանտելան ծածկանուններ օգտագործած է եւ մուտք գործած Եթովպիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանատուն:
Հարաւային Ափրիկէի սպիտակամորթ ղեկավարութեան դէմ պայքարին մէջ օգնութեան խնդրանքով երիտասարդ Մանտելա այցելած է նաեւ Եգիպտոս, Ալճերիա եւ Կանա:
Այս գործը խիստ գաղտնի պահուած է` «Սեւ Փիմփինելա» անուանումով: Իսկ այժմ յայտնի դարձած է, որ Մանտելա զինուորական մարզում ստացած է իսրայէլացիներու կողմէ: Մանտելա հետաքրքրուած եղած է բրիտանացիներու եւ պաղեստինցիներու դէմ պայքարող հրէական ընդյատակեայ զինեալ խմբաւորման` Հականայի գործելաոճերով:

