Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ չէզոք կամ կատարուած իրողութեան կառավարութիւնները վտանգի եւ իրարանցումի անուանումներ կը նկատուին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն է` աւելցնելով, որ այլ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու պարագային կարելի չէ լուռ մնալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց բոլորին հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին կամ երկիրը անիշխանութեան մատնելու ծուղակին մէջ չիյնալու: Ան շեշտեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն չէ, որովհետեւ իրենք այդ ուժերուն մաս չեն կազմեր: Ապի Ռամիա մերժեց կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ տրուած որեւէ ինքնագլուխ որոշում սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտերուն դէմ յեղաշրջում է եւ լարուածութիւն ստեղծելու առիթ մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ իրենք լաւ գիտեն, թէ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը ռազմավարական է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ, երէկ իր խօսքը ուղղելով լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ու անոր ղեկավարին, հաստատեց, որ անոնք անհատը կը սպաննեն եւ անոր թաղման արարողութեան կը մասնակցին:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ «Սուրիա» փողոցին մէջ Ժապալ Մըհսենէն բնակիչ մը ծանրօրէն խոշտանգուած է անծանօթներու կողմէ, ապա ան բանակին կողմէ փոխադրուած է հիւանդանոց:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ժեզզինի ճամբուն վրայ գտնուած ձեռնառումբը զօր. Սալահ Ժըպրանը թիրախ չէր դարձներ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան նկատմամբ հակազդեցութիւնը անհանդուրժելի պիտի ըլլայ ներկայ կացութեան շրջագիծին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դէմ արձակուած նետերուն նպատակը Սէուտական Արաբիան թիրախ դարձնելն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով դրական ընթացքի մասին կարելի չէ խօսիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ եթէ կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որ չարժանանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէին, ապա Լիբանան պիտի ուղղուի դէպի ամբողջական անիշխանութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւնը պէտք է լուծել քաղաքական կառավարութեան մը ճամբով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ երկրին տնտեսութեան պարագային քայքայումները աննախատեսելի են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ուղղահայեաց երկփեղկումին վերջ տալ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան հրաբուխի նման է եւ որեւէ ատեն կրնայ ժայթքիլ:

«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի անդամ 32 զինեալներ սպաննուած են լիբանանեան հողերուն վրայ, Պեքաայի մօտակայքը Հըզպալլայի լարած թակարդին պատճառով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքին կազմել 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը եւ կամ կը մերժեն այլ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES