Միւֆթի Քապպանի. «Հանրապետութեան Նախագահի Մը Ընտրութեան Առումով Լիբանանցիներուն Անկարողութիւնը Կրնայ Քանդիչ Ըլլալ»

Միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ նշեց, որ իսլամ բոլոր ղեկավարները, ըլլան անոնք թագաւորներ թէ նախագահներ, պէտք է իսլամական կրօնը փրկեն ահաբեկիչներէն եւ ազատ արձակեն քրիստոնեայ եպիսկոպոսները, քահանաներն ու մայրապետները:
Շէյխ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան առումով արձանագրուելիք անկարողութիւնը երկրին համար քանդիչ պիտի ըլլայ: «Այդ իրականութիւնը Լիբանանը պիտի միացնէ արաբական երկիրներուն ապրած դժոխային կացութեան: Այդ պարագային Լիբանանի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները ստանալ», ըսաւ ան:
Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն` միջիսլամական լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ իրարու դէմ չլարուելու:
Ան խստիւ դատապարտեց Արեւմտեան Պեքաայի Սաուիրի շրջանի դէպքը` հաստատելով, որ անիկա յարանուանական սադրանքներու հետեւանք է: «Ինչո՞ւ իրարու պիտի սպաննէք», հարց տուաւ ան:

