Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Մանսուր եւ դեսպան Ալի
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ տապալումին վրայ դրուած գրաւը այլեւս անցեալին մաս կը կազմէ:
Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը հեզասահ կ՛ընթանան` ըլլայ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի, թէ դեսպանութեան մակարդակին վրայ:
Ալի հաւանական նկատեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը գումարուի: Ան յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ն ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին ամերիկեան կողմը կատարէ իր խոստումը` զինեալներուն ֆինանսաւորումն ու զէնքի մատակարարումը կասեցնելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանան իր արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին: Ան շեշտեց, որ այդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յունուարին` աւելցնելով, որ Լիբանան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու հրաւէր մը պիտի ստանայ:
«Լիբանան հետաքրքրուած է այդ խորհրդաժողովով եւ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումով, որովհետեւ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի վրայ», ըսաւ ան:
Մանսուր ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման լաւագոյն միջոցը քաղաքական լուծումի մը յանգիլն է:

