Ֆրենժիէ. «Ես Եւ Զօր. Աունը Հանրապետութեան Նախագահի Թեկնածուներ Ենք»

Սլէյման Ֆրենժիէ

Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ինչ ալ ըլլան իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն կեցուածքները:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման միջին տիպի անձնաւորութիւն մը չի նկատուիր, այլ` քաղաքական կողմ է, այլ խօսքով` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կը զօրակցի:

Ֆրենժիէ ըսաւ, որ նախագահ Սլէյման Լիբանանը անորոշութեան կը մատնէ` աւելցնելով, որ վտանգի փողերը պիտի հնչեն` սխալ ձեւով կառավարութիւն մը կազմելու պարագային: Ան համաձայն գտնուեցաւ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութեան:

Ֆրենժիէ մերժեց կառավարութեան որեւէ կազմ, որ համախոհութիւն չի վայելեր:

Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ են` աւելցնելով, որ իրենց դաշնակից քաղաքական ուժերը պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն նախագահական թեկնածուի մը շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES