«Չենք Փափաքիր, Որ Նախագահական Ընտրութիւնը Կամ Կառավարութեան Կազմութիւնը Իրարու Վրայ Ժխտական Ազդեցութիւններ Ունենան» Շեշտեց Պըրրի

Պըրրի` Մամլոյ սենտիքայի վարչութեան հետ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի, որ Պըրրիի յանձնեց գրաւոր մամուլին մէջ գործող լրագրողներուն կողմէ պահանջագիր մը:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ողջունեց սենտիքան` դրուատելով լիբանանեան մամուլին կատարած աշխատանքները: Ան խոստացաւ ամէն ջանք ի գործ դնել` իրականացնելու համար այդ պահանջները:
Միւս կողմէ, Պըրրի անդրադարձաւ լիբանանեան իրավիճակին` շեշտելով, որ քաղաքական առումով Լիբանան կը գտնուի հիմնական երկու պարտաւորութիւններու դիմաց: «Այդ պարտաւորութիւններն են` կառավարութեան կազմութիւնն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: Մենք չենք փափաքիր, որ անոնք մէկզմէկու վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենան», շեշտեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը բացատրեց 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու առումով իր համաձայնութիւնը` հաստատելով, որ այդ պարագային միայն կարելի է երկրին մէջ համախոհութիւն գոյացնել:
Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը, քաղաքական անձնաւորութիւններն ու պատասխանատուները համաձայն են, որ Լիբանանը դարձեալ քաղաքացիական պատերազմի բոցերուն մէջ չմխրճուի:
Այս բոլորով հանդերձ սակայն, Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ուղղահայեաց երկփեղկումէն:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց ջանքերը մէկտեղելու` նոր կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով: Ան վերահաստատեց, որ ինք նախագահական ընտրութիւններուն մասին պիտի չխօսի նախքան յառաջիկայ 25 մարտը:
Շրջանային զարգացումներուն առումով, Պըրրի մէջբերեց եգիպտացի քաղաքական մեկնաբան Մոհամետ Հասանէյն Հայքալի մէկ յայտարարութիւնը. «Շրջանային եւ միջազգային կացութիւնը ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին կը գտնուի»: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի կացութիւնը իր կարգին նոյն հանգրուանին մէջ կը գտնուի:
Շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը պատմութեան մէջ արմատացած է` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն պահպանումը ե՛ւ քրիստոնեաներուն, ե՛ւ իսլամներուն պատասխանատուութիւնն է:
Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ կողմերուն դերակատարութեան մասին Պըրրի ըսաւ, որ իր կարծիքով, Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ, շիի կամ սիւննի դերակատարութիւն չկայ, այլ պէտք է ըլլայ ազգային դերակատարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել երկիրը, պետութիւնն ու վարչակազմը:
Լիբանանեան քարիւղին եւ բնական կազի հարստութեան մասին խօսելով` Պըրրի կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու անոր նկատմամբ բացայայտ կերպով սրած իսրայէլեան ախորժակներէն:

