Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Տօնական Օրերուն Ընթացքին Որդեգրուած Ապահովական Միջոցառումները

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Հէյլ

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Հէյլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ դրուատեց տօնական օրերուն ընթացքին որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, յատկապէս` պահպանելու համար աղօթատեղիներուն եւ եկեղեցիներուն ապահովութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները, շրջանային զարգացումները, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ: Քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցերը եւ այս հանգրուանին այդ միութեան ունեցած դերակատարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES