Ռայի Պատրիարքը Զգուշացուց Անիշխանութենէն

Ս. Ծննդեան պատարագէն պահ մը

Ս. Ծննդեան պատարագէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:

Պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները: Ան մաղթեց նաեւ, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի եւ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուի:

Ռայի պատրիարքը զգուշացուց անիշխանութենէն:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման Ռայի պատրիարքին շնորհաւորելէ ետք յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ոչ մէկ կապ ունի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հետ:

Ան նշեց, որ 25 մարտը կարմիր գիծ է, որուն սեմին պէտք է կառավարութիւնը արդէն իսկ կազմուած ըլլայ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կարելի չէ ժողովրդավարութիւնը տապալել, ընդհակառակն` անհրաժեշտ է ամրապնդել զայն եւ ազնուական կերպով վարուիլ անոր հետ` յարգելով 2014-ին կատարուելիք սահմանադրական պարտաւորութիւնները, ինչպէս` կառավարութեան կազմութիւնն ու երեսփոխանական ու նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը:

Պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը չկազմելու կեցուածքին մասին հարցումի մը, նախագահ Սլէյման ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահը իր իրաւասութիւնները սահմանադրութենէն կը ստանայ եւ ոչ թէ քաղաքական կողմերէն կամ ղեկավարութիւններէն, սակայն հակառակ այս բոլորին ինծի հասած լուսաբանութիւնները կը հաստատեն, որ այդ կեցուածքները սպառնալիքներ չեն, այլ` դիւրութիւններ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ պատարագէն ետք շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը:

Նախագահ Սլէյմանի եւ Ժոմպլաթի մեկնումէն ետք, Պքերքէ ժամանեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Հանրապետութեան նոր նախագահի անձին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելէ ետք նախագահական ընտրութեան ուղղուիլը հակասահմանադրական է»:

Ժահժահ նշեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմել կը նշանակէ անկար կառավարական կազմ մը ունենալ: «Սահմանադրական կառավարութիւն կը նշանակէ կառավարութիւն մը, որ վաւերացուած է հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին կողմէ», շեշտեց Ժահժահ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն յայտնեց, որ սէրը խաղաղութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ ծառայասէր է, հասկցող, համբերող, ներող եւ բոլոր չարիքները շրջանցող:

Միւս կողմէ, երէկ Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապի:

Հանդիպումին ընթացքին Ապու Զէյնապ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի շնորհաւորութիւնները` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շեշտելով, որ Ս. Ծննդեան տօնը յոյսի ու լոյսի տօնն է` նկատի ունենալով ներկայ իրավիճակը:

«Ոմանք կը փափաքին չարիք եւ մութ տարածել, իսկ Ս. Ծննդեան տօնը կը լուսաւորէ մութը եւ Լիբանանի ապագային իմաստով լոյս կը սփռէ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Նոր տարին ըլլայ վերջնական որոշումներ տալու տարի մը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան պարագային անիշխանութեան հաւանականութեան մասին յատարարութիւնները երկրին, պետութեան  եւ նախագահութեան դիրքին նկատմամբ անարգանք կը նկատուին:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Արսլան ընդգծեց չափաւորականութիւնը տարածելու մէջ եկեղեցւոյ ունենալիք դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES