Ուքրանիա Կը Բանակցի Հայաստանի Հետ` Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Կատարելու Համար
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ ուքրանական terrikon.com կայքէջին, Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններ կը կատարէ հինգ երկիրներու հետ, յառաջիկայ 5 մարտին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարելու համար: Հաւանական մրցակիցներուն մէջ կը նշուի նաեւ Հայաստանի անունը:
Հայաստանէն բացի, կը նշուին նաեւ Պուլկարիոյ, Հոլանտայի եւ Ռուսիոյ անունները: Վերջին խումբին անունը չի նշուիր:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի հեռանալէն ետք, ազգային հաւաքականը կը մնայ առանց գլխաւոր մարզիչի, իսկ նոր մարզիչի նշանակման շուրջ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
CATEGORIES Մարզական

