Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Արամ Յակոբեան` Ցարդ Լաւագոյնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ կը շարունակուին ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները:

8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանէն ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Արամ Յակոբեան, որ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահոված է 7 կէտ եւ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:

8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաւելագոյն 8 կէտէն 6,5 կէտ ապահոված է Ռոպերթ Մուրատեան:

Իր կարգին, 6,5 կէտ ապահոված է Անի Յարութիւնեան, որ կը մասնակցի 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:

Իսկ 6-ական կէտ ապահոված են Մամիկոն Ղարիպեան (10 տարեկանէն վար), Շանթ Սարգսեան (12 տարեկանէն վար) Հայկ Մարտիրոսեան (14 տարեկանէն վար), Յովհաննէս Կապուզեան (18 տարեկանէն վար) եւ Սիւզաննա Կապոյեան (16 տարեկանէն վար):

 

Share this Article
CATEGORIES