«Ուքրանիան Եւրոպական Միութիւն Չեն Կանչեր» Ըսաւ Ազարով

Նիքոլայ Ազարով
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտնած է, որ ոեւէ մէկը Ուքրանիան Եւրոպական Միութիւն չի կանչեր:
«Ոչ ոք մեզ Եւրոպական Միութիւն կը կանչէ: Ընկերակցութեան համաձայնագիրին մէջ նման բան չկայ: Մենք երկու տարի կը փորձէինք այդ ընել, սակայն մեզ մերժեցին», ըսած է ան:
Վարչապետը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ տրամադրած վարկը թոյլ տուած է կայունացնել Ուքրանիոյ դրամանշային պաշարները:
«Ուքրանիոյ տրուած 15 միլիառ տոլարի վարկը մեզի կարելիութիւն կու տայ լաւատեսութեամբ նայելու 2014-ին: Վարկը մեզի կարելիութիւն տուաւ կայունացնելու դրամանշային պաշարները, մենք կարելիութիւն ունեցանք վարկաւորելու մեր տնտեսութիւնը, իջեցնելու վարկի տոկոսի համեմատութիւնը», ըսած է վարչապետը:
Նախապէս Ազարով յայտարարած էր, որ Ուքրանիան անպայման պիտի ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը, սակայն իրեն համար աւելի ձեռնտու պայմաններով: «Մենք դադար առած ենք, այսպիսի որոշում տուած ենք, երբ բացարձակապէս յստակ դարձաւ, որ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք մեզի ճգնաժամ կը սպառնայ: Մեզի ոչինչ կը մնար, բացի մեր դիրքորոշումը փոխելէ եւ գտնելէ Ուքրանիոյ աջակցելու այլ ձեւաչափեր», ըսած էր ան:
Ուքրանիոյ Նախագահը Մտադիր Է
Կառավարութեան Մէջ Արմատական
Փոփոխութիւններ Կատարելու
Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ յայտարարեց, որ մտադիր է կառավարութեան մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու: Ան կառավարութեան եւ խորհրդարանին կոչ ուղղեց` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պատրաստութեան հարցով սերտօրէն գործակցելու, ինչ որ կը ծառայէ Ուքրանիոյ ազգային շահերուն: Ան Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրման պատրաստութեան աշխատանքներու կասեցումը անուանեց վերաիմաստաւորում: «Մենք կը շարունակենք Եւրոպական Միութեան հետ մեր երկխօսութիւնը», աւելցուց Ուքրանիոյ նախագահը:
Ան նշեց, որ ուքրանացի պաշտօնատարները, որոնք նախապէս այս համաձայնագիրը պատրաստեցին` առանց ուքրանացի գործարարներու միութեանց հետ խորհրդակցութիւն կամ համակարգում կատարելու, պատշաճ պատիժի պիտի ենթարկուին:
Եանուքովիչ շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութիւնը շարունակել»` նշելով, որ «գործադուլները հասարակութեան ամէնէն լուսանցքայնացուած խմբաւորումներուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան», եւ կոչ ուղղելով «կացութիւնը փոխելու եւ բարեփոխումները արագացնելու»:
Եանուքովիչ Շրջաններու խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ 2013-ը անկախութեան թուականէն ի վեր ամէնէն ծանր տարիներէն մէկն էր Ուքրանիոյ համար: Ան 2013-ը բնութագրած է իբրեւ «փորձութիւններու տարի»:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան ըսած է. «Այս տարի կարծես հայելիի մէջ արտացոլած էին բոլոր խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որոնք վերջին տարիներուն կուտակուած էին տնտեսութեան մէջ: Սակայն արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ընկերային ոլորտին մէջ անոնք դարձան աւելի սուր` համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ»:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոչարա իր կարգին յայտնեց, որ «Եւրոպայի հետ դէպի համարկում ուղղուածութիւնը Ուքրանիոյ համար առաջնահերթութիւն է»:
Ուքրանիա Կրնայ 30-40 Առ Հարիւրով Աւելցնել
Ելեկտրականութեան Ռուսիա Արտածումը
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարար Էտուարտ Սթավիցքի յայտարարած է, որ ուքրանական ելեկտրական ուժի դէպի Ռուսիա արտածումը կրնայ 30-40 առ հարիւրով աւելնալ:
Սթավիցքի յայտարարած է, որ Ուքրանիա կրնայ ժամական 11 միլիառ քիլոուաթ ելեկտրականութիւն արտածել, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ուքրանիա կրնայ ժամական 3-4 միլիառ քիլոուաթ ելեկտրականութիւն արտածել Ռուսիոյ:
Ան նշած է, որ յունուար 2014-ի վերջաւորութեան Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ պիտի քննարկէ Ռուսիա ելեկտրականութիւն արտածելու հեռանկարները եւ սակագիները:
Ռուսիա Ուքրանիոյ Ելեւմտական Աջակցութիւն
Ցուցաբերելու Նոր Միջոցներ Կը Սերտէ
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանովի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ ելեւմտական աջակցութիւն ցուցաբերելու նոր եղանակներ կը սերտէ:
Սիլուանով չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ի՛նչ եղանակներու մասին է խօսքը: Նախապէս Ռուսիա յայտարարած էր, որ կ՛իջեցնէ կազի գինը Ուքրանիոյ համար, ինչպէս նաեւ 15 միլիառ տոլար պետական պարտատոմսեր կը գնէ:
«Ինթըրֆաքս» կը յայտնէ, որ Ռուսիա 2 միլիառ տոլարի վարկ կը նախատեսէ Պիելոռուսիոյ համար: Այդ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ յայտարած է, որ ռուսական վարկը նուէր չէ Պիելոռուսիոյ, այլ պիտի գործէ ի շահ երկու երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման:
Լուքաշենքօ նաեւ նշած է, որ «ո՛չ Ռուսիոյ կառավարութիւնը, ո՛չ ալ նախագահը, որ դրամ հաշուելու մէջ լաւ է, ոչինչ պարզապէս այդպէս չ՛ըներ»:
Ուքրանիոյ Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի
Մօտ Օրէն Ռուսիոյ Հետ Մաքսային Միութիւն
Ստեղծելու Համաձայնագիրը Սերտելու
Lenta.ru կը գրէ, որ ուքրանական «Էլ.Պի.» թերթը ստացած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Ուքրանիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի մօտ ատենէն Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութիւն ստեղծելու մասին համաձայնագիրը սերտելու:
«Ուքրանիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի փետրուարի վերջաւորութեան քննարկելու Միասնական մաքսային տարածքի ստեղծման եւ Մաքսային միութեան ձեւաւորման մասին» համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է 6 հոկտեմբեր 2007-ին: Ատիկա կը հետեւի կառավարութեան ծրագիրէն, որուն պատճէնը թերթի տրամադրութեան տակ է», գրած է թերթը:
Կառավարութեան աղբիւրը լրագրողներուն հաստատած է փաստաթուղթի իսկութիւնը, սակայն նշած, որ ատոր հետ կապուած որոշում տակաւին չէ որդեգրուած:
Ծրագիր-ժամանակացոյցը, ինչպէս կը նշուի, մշակուած է Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարովի ցուցմունքով:
Ազարովի ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ նիստերուն ընթացքին կառավարութիւնը պիտի քննարկէ Մաքսային միութեան միջազգային համաձայնագիրները, որոնց կրնայ միանալ Ուքրանիան:

