Բանակը Մօտէն Եւ Զգուշութեամբ Կը Հետեւի, Սակայն Կը Խոստանայ Չմիջամտել. Էրտողանի Որդին Ձերբակալելու Որոշում Տրուած Է

Պիլալ Էրտողան

Պիլալ Էրտողան

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ դատախազ Մուամմեր Աքքաշ Թուրքիոյ մէջ փտածութեան հարցով սկսած հետաքննութեան ծիրին մէջ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդին` Պիլալ Էրտողանը ձերբակալելու որոշում տուած է:

Դատախազ Աքքաշի գրած «կոչնագիրին մէջ», Պիլալ Էրտողան իբրեւ կասկածեալ կանչուած է ցուցմունք տալու:

«Գլխաւոր դատախազութեան մէջ քննուող 2012/656 գործի ծիրին մէջ` շահ ստանալու նպատակով յանցաւոր խմբաւորում ստեղծելու եւ խմբաւորման անդամակցելու մեղադրանքով իբրեւ կասկածեալ կանչել դատախազութիւն: Ինքնակամ չներկայանալու պարագային` 146-րդ յօդուածին համաձայն ձերբակալման ենթարկել», ըսուած է «կոչնագիր»-ին մէջ:

Նախապէս Էրտողան յայտարարած էր, որ իր որդին իբրեւ թիրախ ընտրած են, եւ այդ նպատակով անոր ընկերները «յարձակումի ենթարկած են»:

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութենէն
Երեք Երեսփոխաններ Պիտի Հեռացուին Շարքերէն

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի կարգապահական յանձնախումբի նիստ գումարելու եւ կուսակցութենէն հեռացնելու երեք երեսփոխաններ, որովհետեւ անոնք կուսակցութեան հասցէին քննադատական յայտարարութիւններ կատարած են:

Կարգապահական պատիժի ենթարկուած են մշակոյթի նախկին նախարար, Իզմիրէն ընտրուած երեսփոխան Էրթուղրուլ Կիւնայ, Իզմիրէն երեսփոխան Էրտան Քալքան եւ Անգարայէն երեսփոխան Հալուք Էօզտալկան:

«Քայլը առնուած է վերջին ժամանակներուն կուսակցութեան կանոնագրութեան ու քաղաքականութեան հիմնական գիծին, կառավարութեան վիրաւորական խօսքեր ուղղելու պատճառով», ըսած է կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք:

«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կը հաղորդէ, որ դատախազ Մուամմեր Աքքաշ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութեան բարձր մակարդակներուն վրայ կաշառակերութեան վերաբերեալ հետաքննութեան նոր փուլը արգելակուած է դատական համակարգին վրայ գործադրուող ճնշումներու պատճառով:

Ան նշած է, որ բոլոր գործընկերները եւ հասարակութիւնը պէտք է գիտնան, որ ինք չի կրնար իր գործունէութիւնը շարունակել, որովհետեւ պարբերաբար ճնշումներու կ՛ենթարկուի ոստիկանութեան կողմէ:

Բանակը Կը Խոստանայ Չմիջամտել

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը խոստացան «երկիրը փոթորկող փտածութեան գայթակղութեան չմիջամտել»` նշելով, որ «իրենք զիրենք «հեռու կը պահեն քաղաքական որեւէ խմբաւորումի տեսակէտներէն եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայեն թուրք ազգին»:

Զինեալ ուժերը իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած են, որ իրենք «զգուշացած են թրքական զինեալ ուժերուն ինքնութեան հասնելիք որեւէ վնասէ, եւ բուռն կերպով պիտի աշխատին քաղաքական բանավէճերէ զգուշանալէ, ինչպէս նաեւ մօտէն ու զգուշութեամբ կը հետեւին երկրին մէջ բացուած փտածութեան հարցով հետաքննութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES