Հաղորդագրութիւն
Երէկ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի` նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը դատապարտող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը դատապարտէ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը:
Շաթահը եւ լիբանանցի քաղաքացիները թիրախ դարձնող ահաբեկչական այս արարքը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու, գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործելու, լիբանանցիներուն միջեւ բաժանում սերմանելու եւ ներքին երկփեղկումները խորացնելու այլ փորձ մը կը նկատուի:
Բոլորը պէտք է զինուին ազգային գիտակցութեամբ եւ իմաստուն կեցուածքներով խուսափին երկրին դէմ լարուող թակարդներէն:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը ցաւակցի Շաթահի եւ բոլոր զոհերուն ընտանիքներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔ

