Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը լիբանանահայ լրատուամիջոցներուն յղեց Կեդրոնական կոմիտէի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ վերջինս կը դատապարտէ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Կեդրոնական Պէյրութը հարուածած ահաբեկչական արարքը, որուն պատճառով սպաննուեցան նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ եւ այլ քաղաքացիներ:
Այս սպանութեան նպատակն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը թիրախ դարձնել:
Կործանարար նման արարքներ կը միտին ներքին լիբանանեան սադրանքներ նախապատրաստել:
Այս ոճիրին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւակցութիւն կը յայտնէ բոլոր լիբանանցիներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
CATEGORIES Լիբանանեան

