Պէյրութը Ցնցած Ուժգին Պայթումը Խլեց Մոհամետ Շաթահի Կեանքը
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:35-ին ուժգին պայթում մը ցնցեց մայրաքաղաք Պէյրութը:
Կեդրոնական Պէյրութի Սթարքօ կեդրոնին մօտ պայթած ականուած ինքնաշարժ մը թիրախ դարձուց ելեւմուտքի նախկին նախարար եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդատու Մոհամետ Շաթահը, որ կ՛ուղղուէր դէպի Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր տեղի պիտի ունենար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու նիստ մը:
Շաթահի դիակը փոխադրուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց:
Շաթահի եւ անոր թիկնապահին` Թարեք Պատրի սպանութեան կողքին, ինկան նաեւ 5 այլ զոհեր, ինչպէս նաեւ 70 վիրաւորներ:
Պայթումին պատճառով զոհուեցաւ նաեւ Ուաթուաթի բնակիչներէն ճարտարապետ Գէորգ Անդրանիկ Թախթաճեան, որուն գրասենեակը կը գտնուէր Սթարքոյի կից:
1938-ին ծնած Գէորգ Անդրանիկ Թախթաճեանի դիակը փոխադրուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց:
Պայթումը պատճառեց նիւթական հսկայ աւեր, վնասուեցան 42 ինքնաշարժներ, 6 շէնքեր եւ 14 վաճառատուներ:
Ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր փութացին պայթումին վայրը: Դատախազներուն տեղեկութիւններուն համաձայն, ականուած ինքնաշարժը «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» տիպի գողցուած ինքնաշարժ մըն էր, որ կը պարունակէր 50-60 քկ. պայթուցիկ նիւթ:
Պայթումին վայրը ուղղուեցան նաեւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները եւ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը` անմիջապէս հետաքննութիւն բանալով այս անարգ ոճիրին առնչութեամբ:
Մոհամետ Շաթահի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 29 դեկտեմբերի կէսօրին, Կեդրոնական Պէյրութի «Մոհամետ Ամին» մզկիթին մէջ, իսկ անոր դիակը պիտի ամփոփուի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Պէյրութի պայթումը, որ թիրախ դարձուցած էր Մոհամետ Շաթահը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նման բռնարարքներ լիբանանցիները պիտի մղեն իրենց երկրին ապահովութեան կառչած մնալու:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց Շաթահի սպանութիւնը` շեշտելով, որ այդ արարքին նպատակն է Լիբանանը լարուածութեան դաշտի վերածել եւ արգիլել անոր յարութիւնը:
«Այս սպանութիւնը Լիբանանը հաշիւներու մաքրագործման հրապարակի վերածելու շղթային մէկ օղակը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ փորձ մըն է անոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու», ըսաւ Պըրրի:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը:
«Քաղաքական, ակադեմական, ազնուական, չափաւորական, տրամաբանութեան եւ երկխօսութեան հաւատացող անձնաւորութիւն մը թիրախ դարձուցած այս սպանութիւնը դատապարտելի է: Երկիրը հարուածող այս պայթումները, ահաբեկչութիւնն ու բռնարարքները խստիւ դատապարտելի են, եւ ժամանակն է արդէն, որ անոնք վերջ գտնեն եւ Լիբանանն ու լիբանանցիները վերստին խաղաղ ու ապահով պայմաններու մէջ ապրին», նշեց Միքաթի:
Միքաթի, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր, անմիջապէս վերադարձաւ Լիբանան, ինչպէս նաեւ իր ցուցմունքները տուաւ աղէտներու յատուկ ազգային գերագոյն խորհուրդին` արտակարգ նիստ մը գումարելու վարչապետարանին մէջ:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ այդ արարքը ահաբեկչութիւն է եւ լիբանանցիներէն կ՛ենթադրէ զինուիլ բարձր մակարդակի ազգային միասնականութեամբ:
Սալամ ցաւակցական բնոյթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին, Հարիրիի եւ Սինիորայի հետ:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը Շաթահի սպանութիւնը նկատեց ահաբեկչական նոր պատգամ մը` ուղղուած Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:
Հարիրի ընդգծեց, որ Շաթահի դէմ գործուած այս արարքը ինքնին ատելութիւն է` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դրօշը ծածանեցնող անհատներուն նկատմամբ: «Այդ արարքը գործուած է երկրին ազատականները թիրախ դարձնող ոճրագործներուն կողմէ», ըսաւ Հարիրի:
«Մոհամետ Շաթահը սպաննող կողմերը անոնք են, որոնք սպաննած են նաեւ Ռաֆիք Հարիրին, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն սպաննել նաեւ Լիբանանը: Շաթահ Ռաֆիք Հարիրիի ծառէն ինկող հաստ ճիւղ մըն է, իսկ ամբաստանեալը կը մնայ նոյնը, կը մնայ ան, որ կը մերժէ ներկայանալ միջազգային արդարութեան, այլ խօսքով` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին: Նոյն կողմն է, որ Լիբանանը եւ լիբանանցիները կ՛ենթարկէ բռնարարքներու, ինչպէս նաեւ շրջանային հրդեհներուն մէջ կը մխրճէ Լիբանանը», շեշտուեցաւ Հարիրիի հաղորդագրութեան մէջ:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, որոնք առաւօտեան ժամը 9:00-էն արդէն իսկ հաւաքուած էին Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ, հետեւեցան Մոհամետ Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումին մանրամասնութիւններուն: Ապա անոնք կէսօրուան ժամը 12:30-ին գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Սինիորա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անունով դատապարտեց Շաթահի դէմ գործուած անարգ ոճիրը` շեշտելով, որ արիւնարբու ոճրագործը տակաւին չէ յագեցած Մայրիներու յեղափոխութեան խորհրդանիշներուն եւ ազատականներուն արիւնէն:
«Ոճրագործը կը մնայ նոյնը, կը մնայ ան, որ լիբանանեան եւ սուրիական արիւնահեղութեան միջամուխ կը դառնայ: Ան նոյնն է Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Թրիփոլի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Ոճրագործը նոյնն է իր բոլոր լիբանանցի դաշնակիցներով` Տարաայէն մինչեւ Հալէպ, Դամասկոս եւ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին», ըսաւ Սինիորա:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ «արեամբ գրուած նամակը հասած է, իսկ մեր պատասխանը բոլոր արաբներուն, լիբանանցիներուն, Թրիփոլիի եւ Պէյրութի բնակչութեան պիտի ըլլայ այն, որ ազատութեան, արժանապատուութեան եւ ազգային միասնականութեան Լիբանանը պիտի գոյատեւէ, իսկ ոճրագործները պիտի չքանան»:
Սինիորա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն անվախ մնալու եւ նահանջ չարձանագրելու, որովհետեւ ոճրագործն է, որ պէտք է վախնայ, իսկ համախոհութեան եւ ազգային գոյակցութեան ու համակեցութեան Լիբանանը բոլոր լիբանանցիներուն պիտի մնայ:
Ան պահանջեց Մոհամետ Շաթահի սպանութեան թղթածրարը փոխանցել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:
Սինիորա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Սաատ Հարիրիի անունով գուժեց չափաւորականութեան եւ երկխօսութեան խորհրդանիշը նկատուող Մոհամետ Շաթահի նահատակութիւնը:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական դէմքեր անհիմն ամբաստանութիւններ ուղղած են, ինչպէս կը կատարեն իւրաքանչիւր պայթումի պարագային:
Զոհպի ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը բոլորին թշնամին է եւ պէտք է անոր դիմադրել` հեռու մնալով քաղաքական ամբաստանութիւններէն:
«Սինիորայի եւ այլոց կողմէ կատարուած այս ամբաստանութիւնները կը նպատակադրեն Սինիորայէն հեռացնել ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկչական բջիջները, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան ֆինանսաւորելու յանցանքը», ըսաւ Զոհպի:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ պայթումէն անմիջապէս ետք փութաց Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի ապարանքը` դատապարտելով Շաթահի դէմ գործուած արարքը:
Աւելի ուշ յաջորդաբար անոր օրինակին հետեւեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ եւ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր:
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս զգուշացուց ոճրային այս արարքները չարաշահելէ եւ զանոնք սադրանքներու վերածելու փորձերէ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է համախմբուին եւ դէմ դնեն ահաբեկչութեան եւ երկրին անդորրը խախտող նման բռնարարքներու:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց Շաթահի սպանութիւնը` շեշտելով, որ դատապարտելի են քաղաքական անձնաւորութիւնները, ղեկավարութիւնները եւ քաղաքացիները թիրախ դարձնող բոլոր արարքները:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն` գիտակցելու իրենց իրաւասութիւններուն եւ գործադրելու իրենց պատասխանատուութիւնները, նուազագոյնը ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Ան բոլոր կողմերը զգուշացուց անխոհեմ ու քաղաքական ամբաստանութիւններ կատարելէ եւ կրակին վրայ ձէթ թափելէ, որովհետեւ եթէ հրդեհը բռնկի, ապա ան բոլորը պիտի կլանէ իր մէջ:
Զօր. Աուն խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց Շաթահի ընտանիքին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին, ինչպէս նաեւ պայթումին պատճառած բոլոր զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը դարձեալ հարուածած է Լիբանանի սիրտը` այս անգամ անկէ խլելով պետական ակներեւ անձնաւորութիւն մը, որ պիտի յիշուի իր չափաւորականութեամբ, իմաստուն կեցուածքներով եւ երկխօսութեան ջատագովը ըլլալու իրականութեամբ:
«Շաթահի սպանութիւնը ժխտական պատգամ մըն է բոլոր իմաստուններուն եւ չափաւորականներուն, իսկ այդ պատգամին պէտք է պատասխանել յաւելեալ չափաւորականութեամբ», ընդգծեց Ժոմպլաթ:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նկատել տուաւ, որ Շաթահը թիրախ դարձնող պայթումը դարձեալ կը փաստէ, որ հիմնական թիրախը քաղաքացիական անվտանգութիւնն է: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պատասխանատուութեան գիտակից դառնալ` երկիրը նման ցնցումներէ եւ չարիքներէ փրկելու համար: «Անհրաժեշտ է կանխարգիլել երկրին մէջ ներքին գրգռութիւններու հրահրումը, որպէսզի Լիբանանի թշնամիները չօգտուին այդ առիթէն», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Շաթահի սպանութիւնը: «Նման ահաբեկչութենէ միակ օգտուողները Լիբանանի թշնամիներն են: Իսկ նման արարքներ մաս կը կազմեն Լիբանանը քանդելու նպատակով գործուող ահաբեկչութիւններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հըզպալլա կոչ ուղղեց զօրաշարժի ենթարկելու լիբանանեան ապահովական մարմիններուն կարողութիւնները եւ բացայայտելու ոճրագործներն ու զանոնք դատավարութեան ենթարկելու:
«Շաթահը թիրախ դարձնող սպանութիւնը թիրախ կը դարձնէ ապահովական կայունութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցիներուն իմաստուն կերպով դիմագրաւելու Լիբանանի սպառնացող վտանգները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը նկատեց ոճրային ազդանշան մը` Լիբանանը պայթեցնելու իբրեւ սկիզբ:
Ան նշեց, որ Շաթահի սպանութիւնը կրնայ Լիբանանը միջամուխ դարձնել շրջանային հրդեհներուն:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը դատապարտեց Շաթահի դէմ գործուած պայթումը` շեշտելով, որ ամէն տեսակի բռնարարք դատապարտելի է:
Ան շեշտեց, որ Շաթահի սպանութեամբ Լիբանան կորսնցուց չափաւորականութեան փայլուն դէմքերէն մէկը:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել փութաց պայթումին վայրը, ուր դատապարտեց գործուած պայթումը, ցաւակցեցաւ Շաթահ ընտանիքին եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
«Ըստ երեւոյթին, այս ընթացքով պիտի շարունակենք եւ տակաւին յստակ չէ մեզի համար, թէ ե՛րբ պիտի աւարտին այս տեսարանները», ըսաւ Շարպել:
Շարպել ըսաւ, որ ինք չի փափաքիր քաղաքականութեան մասին խօսիլ` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական միակ լուծումը երկխօսութիւն կատարելն է:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ Շաթահի սպանութեամբ Լիբանան կորսնցուցած է ազգային անձնաւորութիւն մը:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն հաստատեց, որ Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը եւ երկրին ազգային միասնականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համախմբուելու եւ ազգային երկխօսութեան նիստ մը գումարելու:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ նման ահաբեկչական արարքներն ու զանոնք գործող կողմերը երբեք պիտի չկարենան վախցնել Լիբանանը:
Տաուք ցաւակցութիւն յայտնեց Շաթահի ընտանեկան պարագաներուն` շեշտելով, որ իրենք այսօր կը խոնարհին Շաթահի եւ անոր հետ ինկող բոլոր զոհերուն յիշատակին առջեւ եւ ապաքինում կը մաղթեն վիրաւորներուն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Շաթահի սպանութիւնը թիրախ կը դարձնէ բոլոր լիբանանցիները եւ կը վտանգէ քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ դատապարտեց Շաթահի սպանութիւնը` շեշտելով, որ ան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կարեւորագոյն անձնաւորութիւններէն է: «Հետեւաբար, Շաթահը քստմնելի սպանութեան թիրախ դարձնող կողմը ահաբեկած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հոգին եւ Լիբանանի չափաւորականութեան խորհրդանիշը», շեշտեց Ժեմայէլ:
Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց պայթումը` ընդգծելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Շաթահի սպանութիւնը խստիւ դատապարտելի է. այդ արարքը ահաբեկչական արարք մըն է, որուն նպատակն է թիրախ դարձնել Լիբանանի չափաւորականութիւնն ու կայունութիւնը:
Ասիրի զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց անոնց հանդարտութեամբ եւ իմաստուն կերպով լուծելու հարցերը:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի դատապարտեց Պէյրութի պայթումը` նկատել տալով, որ այս բռնարարքէն առաջին օգտուողը Իսրայէլն է:
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Շաթահի սպանութիւնը միայն Իսրայէլին կը ծառայէ եւ Լիբանանի մէջ սադրանքներու նախապատրաստութեան շրջագիծին մաս կը կազմէ:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ Շաթահ Եւրոպայի բարեկամ մը կը նկատուի եւ աւելցնելով, որ սպաննուած քաղաքական գործիչին ծրագիրներէն մէկն էր Լիբանանը բարգաւաճեցնել եւ զայն միջազգային մակարդակի բարձրացնել:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Շաթահը սպաննող ոճրագործները հաշուետուութեան կանչելու:
Փլամպլի դատապարտեց Շաթահի դէմ գործուած ոճիրը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախոհութեամբ եւ իրենց ապահովական ուժերուն ու պետական հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուելով դիմագրաւելու երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Արաբական լիկան իր կարգին դատապարտեց Մոհամետ Շաթահի դէմ գործուած պայթումը` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախագահ Սլէյմանի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խստիւ դատապարտեց Շաթահի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` համախմբուելու իրենց երկրին ապահովական կայունութեան շուրջ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ շեշտեց, որ Պէյրութէն տխուր լուրեր հասած են իրենց: Ան ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սթարքոյի պայթումին պատճառած զոհերու ընտանիքներուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան դատապարտեց Պէյրութը թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` զայն որակելով Լիբանանի մէջ նոր սադրանքներ ստեղծող արարք մը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պէյրութի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութիւնը:

