«Բարեկամութիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Կապուած Ըլլալ Ստորացման Եւ Նուաստացման Հետ» Հարց Կու Տայ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի համար առնուազն զարմանալի է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի տեսակէտը, ըստ որուն, ոչ իշխանական ուժերը 23 դեկտեմբերի արտակարգ նիստին քուէարկութեան չմասնակցեցան, քանի որ դէմ քուէարկելու համար կը վախնային Ռուսիայէն:
«Մենք դէմ խօսած ենք, ի՞նչ կը նշանակէ` դէմ չենք ուզեր քուէարկել, Ռուսիան միայն քուէարկութեան չի նայիր, ան կը հետեւի ամբողջ հոլովոյթին, ես չեմ կարծեր, որ անոնք միայն քուէարկութեամբ կ՛առաջնորդուին: Կուսակցութիւնները շատ յստակ իրենց դիրքորոշումները ըսած են, եւ ասիկա հակառուսական դիրքորոշում չէ: Իրենց մտածելակերպով է, որ «Կազփրոմ»-ը կը նոյնացնեն Ռուսիոյ հետ, եւ այս բոլորէն ծագած է այս տհաճ իրավիճակը: Այդպիսի իշխանութիւններու համար նոյնիսկ այնտեղէն եկած որեւէ պաշտօնեայ կրնայ նոյնացուիլ Ռուսիոյ հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արժանապատիւ պահուածքը բոլորին համար ալ ճիշդ ընթացք է, այսպիսի պահուածք ունեցող կողմին չեն կրնար չյարգել:
Ռուստամեան վերահաստատեց, որ իրենք պաշտպանած են Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումը եւ կը հաւատան, որ Հայաստան-Ռուսիա բարեկամական յարաբերութիւնները պէտք է ամրապնդուին, սակայն նշեց, որ եթէ մէկը բացատրէ, որ այս համաձայնագիրը այդ ամրապնդման հետ կապ ունի, ինք շատ պիտի զարմանայ, որովհետեւ նախ` բարեկամութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ կապուած ըլլալ ստորացման եւ նուաստացման հետ: «Նուաստացնելով ու ստորնացնելով բարեկամութիւնը կ՛ամրապնդուի՞: Իսկ մենք փաստեցինք, որ այս համաձայնագիրով ճիշդ ատիկա տեղի կ՛ունենայ, այսինքն` Մաքսային միութեան անդամակցութեան խնդիրը կապուած է մեր այսօրուան գոյութեան ու ապահովութեան հետ, իսկ այստեղ Հայաստան ոչ միայն առարկայականութիւնը կը կորսնցնէ, այլեւ հաւասարը հաւասարին բանակցելու, կողմ ըլլալու հանգամանքը, որովհետեւ մէկ կողմէ Հայաստանի կառավարութիւնն է, միւս կողմէ` «Կազփրոմ»-ը, եւ մենք կը նոյնացնենք «Կազփրոմ»-ը Ռուսիոյ հետ: Այս համաձայնագիրէն որեւէ շահ չունի Հայաստանը, իսկ Մաքսային միութեան մէջ շահ ունի, այո, որովհետեւ ատիկա աշխարհաքաղաքական խնդիր է: Ռուսիոյ հակադրուիլը եւ մնացեալ խնդիրները պատմականօրէն ցոյց տուած են, որ լաւ տեղ չեն տանիր, մանաւանդ` եթէ չունինք այլընտրանք, ատիկա բոլորովին այլ հարց է: Իրենց կը թուի` քանի որ Ռուսիոյ հետ կամ Մաքսային միութիւն մտնելու մասով որոշ յուշագիրներ ունինք ստորագրած, ուրեմն ինչ փաստաթուղթ որ ներկայացնեն, պէտք է համաձայնի՞նք», ըսաւ ան` միաժամանակ հակադարձելով, որ այդպէս չէ:
Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութիւնները պարզապէս իրենց ձախողած բանակցութիւնները կ՛ուզեն ասով արդարացնել, աւելի՛ն` այն հանգամանքը, որ ասիկա կատարուած է ժողովուրդի թիկունքին, իշխանութիւնը պահելու նպատակով, ասիկա կ՛ուզեն քողարկել: Ոչ իշխանական ուժերու` իրենց խորհրդարանական պաշտօններէն հրաժարելու մասին խօսակցութիւնները, ըստ Ռուստամեանի, իշխանութիւններուն ձեռնտու են: Ըստ անոր, ատիկա իրենց խորհրդարանական պաշտօններէն հրաժարիլ չի նշանակեր, այլ` պաշտօնները փոխանցել համաձայնական կառավարութեան մեծամասնութեան, այդ կը նշանակէ, որովհետեւ մարդիկ, կ՛երեւի, ծանօթ չեն ընտրական օրէնսդրութեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ Ազգային ժողովի չորս ընդդիմադիր խմբակցութիւնները իրենց մէջ ուժ գտած են միաւորուելու եւ համաձայն կերպով գործելու: Ըստ անոր, ատիկա իշխանութիւններուն համար ամէնէն անցանկալի պատահարն է:

