Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ հետեւիք ուրիշներուն ըրածին, կարեւորը ձեր կատարելիք աշխատանքն է, ձեր ստեղծագործածը: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, այդ է միակ մնայունը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յետաձգեցէք այն ճամբորդութիւնը, զոր որոշած էիք, որովհետեւ այժմ յարմար է ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ալ նիւթական ձեր պատրաստութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի ունենաք բեղուն գործունէութիւն: Մէկ քարով երկու թռչուն որսալու առիթ պիտի ունենաք: Ձեր գործունէութիւնը պիտի արդիւնաւորուի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անտարբեր մի՛ մնաք ձեր շրջապատին վերաբերեալ ձեր ունենալիք յարաբերութեան առնչութեամբ: Մարդը մարդով կրնայ նոր միտքեր յղանալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դժուարութեան դիմաց ջանացէք ըլլալ իմաստուն, առանց տրտնջալու ձեր աշխատանքը շարունակեցէք ու պիտի տեսնէք, թէ անհետացած է դժուարութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օգտակար եղէք այն անձին, որ ունի ո՛չ միայն ֆիզիքական տկարութիւն, այլ առանձնութենէ կը տառապի: Ձեր ներկայութիւնը իր կողքին պահ մը պիտի փարատէ անոր դժբախտութիւնը, իսկ դուք կ՛ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ մտածեցէք նախքան նոր աշխատանքի մը սկսիլը, ինքնավստահ եղէք: Եթէ ձեր մասնագիտութիւնը այլ գործի կը վերաբերի, դիմեցէք խորհրդատու անձի մը ցուցմունքին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր լսած լուրը կրնայ սխալ ըլլալ, հետեւաբար մի՛ յայտարարէք ձեր շուրջիններուն: Բերնէ բերան կ՛ըլլայ գերան, յանցաւոր կը նկատուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անհամբեր էք ձեր որոշած ծրագիրի իրականացման համար, բայց տակաւին կան կարգ մը ձեւակերպումներ` պաշտօնական հանգամանք տալու ձեր որոշման:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր ակնկալած աշխատանքային հարցերը չեն լուծուած, մի՛ յուսալքուիք, այդ ուշացումը նկատեցէք դրական` ի նպաստ ձեզի: Վաղը նոր արեւ կը ծագի, եւ նորութիւն կը բերէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրալիր հանդիպում մը պիտի ունենաք հակառակ սեռի մէկ անդամին հետ: Ջանացէք մնալ անկեղծ, ձեր նկատողութիւնները արտայայտեցէք մեղմ լեզուով, եթէ ստիպուած ըլլաք ձեր կարծիքը տալու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անծանօթ անձի մը հետ եթէ աշխատանք մը պիտի ունենաք, մնացէք քաղաքավարութեան սահմանին մէջ, մինչեւ որ ըմբռնէք ձեր խօսակիցին տրամադրութիւնը եւ մարդկային վերաբերումը: Խոհեմ եղէք:

Share this Article
CATEGORIES