50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1963)
Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ
Վերաբացումը
Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1963-ին վերաբացուեցան Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռները եւ կրկին ղօղանջեց հաւատքի Աստուածահաճոյ զանգակը:
Մեծ պաստառի մը վրայ արձանագրուած գրութեամբ, թաղի ժողովուրդը բարի գալուստ կը մաղթէր իր սիրելի առաջնորդին:
Արդարեւ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. ընկերակցութեամբ Կոմիտաս եւ Եփրեմ աբեղաներու ու սարկաւագներու, սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ թաղեցի հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան կողմէ, որոնք շուտով լեցուցին եկեղեցին ու բակը:
Մեծ կարգապահութեամբ եւ ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ, հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ խորաններու օծումը կատարեց առաջնորդ սրբազանը:
Երգեցողութիւնները քառաձայն եւ սքանչելիօրէն երգուեցան «Խրիմեան» երգչախումբին կողմէ:
Սրբազան հօր աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզը շատ լաւ տպաւորութիւն թողուց հաւատացեալներու վրայ:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, եկեղեցւոյ հանգուցեալ բարերարներու հոգւոյն համար եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն:
Ապա շնորհաւորական հիւրասիրութենէ ետք թաղական խորհուրդին կողմէ` ի պատիւ սրբազան հօր եւ հիւրերուն, ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ:
Ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ: Բազմաթիւ բաժակաճառեր խօսուեցան եւ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ, վեհափառ հայրապետներու, սրբազան հօր եւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան կենաց բաժակներ պարպուեցան:
Ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ առաջնորդ սրբազանը 1000 լ. ոսկի նուիրեց առաջնորդարանին կողմէ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի բարեզարդման համար:
Գէորգ Երեւանեան նուիրեց 200 լ. ոսկի, Յակոբ Աշճեան` 100, Օննիկ Չէրքէզեան` 100, Արամ Ամասեան` 100, Բիւզանդ Կիլիկեան` 100, Արսէն Կիտուր` 50, իսկ Տիգրան Զավզավաթճեան յանձն առաւ նոր կառուցուելիք մանկապարտէզի բոլոր դռներուն եւ պատուհաններուն ծախքերը:
Հալէպահայ Կեանք
Սուրբ Ստեփանոսի Տօնախմբութիւնը
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով դեկտեմբեր 24-ին, Հալէպի հայ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ կատարուեցան եւ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:
Այս տարի թեմիս առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի կարգադրութեամբ եւ նախագահութեամբ Ս. Ստեփանոսի նախատօնակը երկուշաբթի երեկոյ ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու դպրապետներու եւ ուրարակիրներու` շուրջ քառասուն հոգի:
Ժամանակէն առաջ հսկայ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու բազմութեամբ:
Ժամերգութեան սկիզբը ուրարակիրները զգեստաւորուած թափօրով եւ «Ուրախ Լեր Ս. Եկեղեցի» շարականով սրբազանը առաջնորդեցին դէպի մայր սեղան, ուր պահպանիչով օրհնեց ուրարակիրները, ապա սկսաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ նախատօնակը: Ուրարակիրները իրենց դպրապետներու առաջնորդութեամբ, զգացումով եւ ապրումով երգեցին գաղափարի առաջին նահատակին նուիրուած հոգեզմայլ շարականները եւ տաղերը` յուզելով ներկաները:
Նախատօնակէն ետք սրբազան հայրը հոգեշունչ քարոզով մը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նկարագրին յատկանշական կէտերը, եւ թելադրեց ուրարակիրներուն` Սուրբը իրենց կեանքի տիպար ունենան: Օրհնեց զանոնք եւ երկնային իմաստութիւն մաղթեց անոնց:
Նախատօնակէն ետք, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը ի պատիւ ուրարակիրներուն, սեղան մը սարքեց վարժարանի սրահին մէջ: Բացումը կատարեց տեղւոյն դպրապետը Յակոբ Աշակերտեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց սրբազան հօր այս կարգադրութեանը համար:
Ուրարակիրները նուագով, ժողովրդական երգերով եւ մեներգներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Սրբազան հայրը իր փակման խօսքով շեշտեց դպրաց դասերու դերը եկեղեցւոյ մէջ, եւ թելադրեց ուրարակիրներուն որպէսզի զոհողութեան գնով իրենց պարտականութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար` նկատելով, որ ժողովուրդը ներկայիս աւելի պէտք ունի մխիթարութեան եւ հոգեկան ապրումներու:
Յոտնկայս երգուեցան հայրապետական մաղթերգ, Տէր Կեցո եւ Հայր Մեր:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Հալէպ, 25 դեկտեմբեր 1963

