Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Արձանագրուած Կեանքը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ ՇԱՏԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԻԲՐԵՒ ՆՈՒԷՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆ ՄԸ, ԱՆՈՐ ԽԵԼԱՑԻ ՄԷԿ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ ԿԱՄ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ: ԵՐԲ ԱՆՈՆՔ ՍԿՍԻՆ ԲԱՆԱԼ ԻՐԵՆՑ ՆՈՒԷՐԸ, ՆԵՐԿԱՆԵՐԷՆ ՇԱՏԵՐ ԱՐԴԷՆ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ` ԹԱՓԱՌԵԼՈՎ ԵՐԿՏՈՂԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔՈՎ ՊԻՏԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԵՆ ԿԱՄ ՆԿԱՐԱՀԱՆԵՆ ՆՈՒԷՐԸ ԲԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ ԵՒ ԱՆՇՈՒՇՏ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆԱԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ (ՍԵԼՖԻ) ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ` ԶԱՅՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՏԵՂԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՎՐԱՅ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԲՈԼՈՐ ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ ՊԱՀԸ ԱՊՐԻՆ` ԶԱՅՆ ՍՏԱՆԱԼՈՎ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱՊՈՎ, ԻՐԵՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔԻՆ ՎՐԱՅ:

ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅՍ ՊԱՏԿԵՐԸ, ԱՅԼԵՒՍ ԱՆՀԵԹԵԹ ԱԼ ՉԷ, ԱՅԼ` ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ Կ՛ԱՊՐԻՆ Ո՛Չ ԹԷ ՏՈՒԵԱԼ ՊԱՀԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅԼ` ԶԱՅՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼՈՒ: ԿՇԻՌ Է ԵՒ ԱՐԺԷՔ` ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆԸ. Ա՛Ն Է, ՈՐ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՆ, ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌՕՐԵԱՆ:

ԱՐԴԵՕՔ ԲՈԼՈՐԸ ԳՈ՞Հ ԵՆ ԱՅՍ ԿԱՑՈՒԹԵՆԷՆ: ԱՐԴԵՕՔ ԸՆԹԱՑՔԸ ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ՞ Է: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՍԻՒՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՇԷՐԻ ԹԸՐՔԸԼ* ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԳՏՆԵԼ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ: ԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԵՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՄԱՐԴԸ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿՐԵՆ ԱՅՍ ՆՈՐ ՅԱՐԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒՆ (ՓԱՐԸՏԱՅՄ) ԵՒ ԱՐԺԵՉԱՓԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՄԲ (ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՆ ՆԱԵՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ, ԶՈՐՍ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ՅԱՊԱՒՈՒԱԾ ՏՈՂԵՐՈՎ): 

Նախագահ Օպամայի ինքնալուսանկարը` Նելսըն Մանտելայի հրաժեշտի արարողութեան պահուն:

Նախագահ Օպամայի ինքնալուսանկարը` Նելսըն Մանտելայի հրաժեշտի արարողութեան պահուն:

Անցեալ գարնան առիթ ունեցայ օր մը անցընելու դերասան եւ կատակերգակ Ազիզ Անսարիի հետ, եւ միասին քննեցինք մեզ հետաքրքրող նիւթ մը` բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու սովորութիւնը: Մինչ կը քալէինք Լոս Անճելըսի փողոցներուն մէջ, մարդիկ քանի մը վայրկեանը անգամ մը կը մօտենային իրեն եւ կը խնդրէին ունենալ ո՛չ թէ իր ստորագրութիւնը, այլ` լուսանկար մը իրեն հետ: Անսարի բարեացակամ է իր երկրպագուներուն նկատմամբ: Ան բացատրեց, թէ լուսանկարուելու փոխարէն` պիտի նախընտրէր զրոյց մը ունենալ: Հարցուց անոնց երաժշտական նախասիրութիւններուն մասին, երաժշտական իր սեփական կատարումներուն մասին, թէ` ինչ բան կը սիրէին իր կատարումներուն մէջ, քննադատութիւններու դէմ իր կեցուածքին մասին, եւ իր «Բարքս էնտ ռիքրիէյշըն» (զբօսայգիներ եւ զբօսանք) կատակերգական բեմադրութեան մասին: Թէեւ Անսարիի երկրպագուները խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, սակայն ընդհանրապէս գոհ չէին: Ի վերջոյ պիտի մեկնէին` առանց լուսանկար մը ունենալու իրենց բջիջային հեռաձայնին մէջ:

Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր կ՛ուսումնասիրեմ մարդիկն ու բջիջային հեռաձայնի արհեստագիտութիւնը: Մինչեւ վերջերս  կը թուէր, թէ այս գործիքը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ մարդիկ անոր միջոցով բաներ կը բաժնեկցէին իրարու հետ: Այնպէս կը թուէր, թէ մարդիկ պակաս բան մը կը զգային, եթէ իրարու հետ չբաժնեկցէին գաղափար մը կամ զգացում մը, նոյնիսկ, երբ անիկա տակաւին յստակ չէր իրենց ուղեղին մէջ: Այս նոր զգացողութիւնը տարբեր երանգ մը կու տար Տեքարթի մտածողութեան. «Կը բաժնեկցիմ, ուրեմն կամ»:

Այս օրերուն կը շարունակենք փայփայել բաժնեկցելու մեր փափաքը, սակայն մեր գլխաւոր մարմաջը մեր փորձառութեան մէկ լուսանկարը ունենալն է:

Մարդոց հետ հարցազրոյցներ կը կատարեմ` իրենք զիրենք լուսանկարելու երեւոյթին մասին: Այս օրերուն անոնք այս ձեւով կ՛արձանագրեն իրենց կեանքը: Անսարի կ՛առաջարկէր զրոյց մը, սակայն մարդիկ կ՛ուզէին ունենալ արձանագրութիւն մը: Տեւաբար կ՛ընդմիջենք զրոյցները` արձանագրութիւն մը պահելու համար:

Ինքնալուսանկար (սելֆի) մը որեւէ լուսանկարի պէս կ՛ընդհատէ տուեալ պահը ապրելու մեր փորձառութիւնը: Այս առումով` անիկա կը նմանի բոլոր այն սովորութիւններուն, որոնք կը մասնատեն մեր օրը, ինչպէս` բջիջային հեռաձայնով երկտողերու փոխանակում դասարանին մէջ, ժողովի պահուն, թատերասրահին մէջ կամ բարեկամներու հետ ընթրիքի ընթացքին: Այո՛, նաեւ յիշատակի կամ հոգեհանգիստի արարողութեան ժամանակ, սակայն աւելի յաճախ եկեղեցիին մէջ կամ` ժողովատան: Բջիջային հեռաձայնով երկտողեր կը փոխանակենք, երբ անկողինին մէջ ենք մեր կողակիցին հետ: Մեր քաղաքական ներկայացուցիչները բջիջային հեռաձայնով երկտողեր կը փոխանակեն նիստերու ընթացքին:

Արհեստագիտութիւնը պարզապէս ծառայութիւններ չի մատուցեր մեզի: Անիկա որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկէ մեզ` շրջելով ո՛չ միայն մեր արարքները, այլ նաեւ` մեր ինքնութիւնը: Ինքնալուսանկար մը առնելը մեզ կը վարժեցնէ պահ մը մենք մեզ եւ մեր շրջապատը «ընդմիջելու», որպէսզի արձանագրենք մեր կեանքը: Ասիկա շարունակութիւնը կը թուի ըլլալ մեր զրոյցները «ընդմիջելու» այն վարժութեան, որուն արդէն տիրապետած ենք` բջիջային հեռաձայնին պատասխանելու կամ մէկու մը հեռաձայնելու համար, ինչպէս նաեւ` երկտող մը, պատկեր մը, ե-նամակ մը ղրկելու կամ ստանալու: Երբ կը վարժուինք մեր կեանքը ապրելու անդադար կանգ առնելով եւ վերսկսելով, կը կորսնցնենք վարժութիւնը խորհրդածելու, թէ ո՛ւր կը գտնուինք, թէ` ի՛նչ կը մտածենք:

Ընդմիջումները այլեւս խանգարիչ փորձառութիւններ չեն մեզի համար: Սակայն անոնք կը դժուարացնեն մեր անձնական լուրջ զրոյցը մեր անձին հետ, ինչպէս նաեւ` այլոց հետ, որովհետեւ զգացական առումով մենք մեզ կը դնենք տեւաբար որեւէ բանէ հեռացուելու պատրաստ վիճակի մէջ: Երիտասարդներու հետ խօսած եմ ընթրիքի ժամանակ իրենց կիրարկած կենցաղավարութեան մասին: Անոնք կը բացատրեն, թէ երբ 7 հոգիով նստած են սեղան, պէտք է առնուազն 3 հոգի գլուխը բարձր բռնած խօսակցութիւն մը զարգացնէ որեւէ տուեալ պահու մը, որպէսզի միւսները զգան, թէ արտօնուած են բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու: Սակայն պայման չէ, որ միշտ նոյն անձերը ըլլան զրուցողները: Նման առիթներով ամէնէն աւելի եւ յաճախ կը լսուի «ի՞նչ ըսիր» հարցումը, մինչ բջիջային հեռաձայնին պատճառով իրենց շրջապատէն անջատուած սեղանակիցներ կը սկսին մէկ առ մէկ վերադառնալ իրենց աշխարհէն, մասնակցիլ զրոյցին եւ քայլ պահել: Այս բոլորը դարձած են այսօրուան բնական նոր վիճակը:

Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ նախագահ Օպամա ակնածանք կը տածէր Նելսըն Մանտելայի նկատմամբ եւ խոր կապ մը կը զգար այն բոլոր արժէքներուն հետ, զորս պաշտպանած էր ան: Սակայն, երբ նախագահ Օպամա ինքնալուսանկար մը առաւ Մանտելայի յիշատակի արարողութեան ժամանակ, մեզի ցոյց տուաւ, թէ ի՛նք եւս մաս կը կազմէ արձանագրելու մարմաջով համակուած մեր մշակոյթին: Դժուար չէ հասկնալ, թէ ան պարզապէս մեզմէ շատերուն պէս ինքզինքին չթոյլատրեց ապրիլ ակնածանքի չընդմիջուած պահ մը:

Այս օրերուն, երբ մարդիկ առանձին են կամ կ՛ապրին ձանձրոյթի պահ մը, հակամէտ են գործածելու իրենց բջիջային հեռաձայնը: Շարժապատկերի սրահին մէջ, ճամբու լոյսին դիմաց կամ հանրախանութին մէջ կարգի սպասելու ժամանակ, այո՛, նաեւ յիշատակի արարողութեան ժամանակ բջիջային հեռաձայնին դիմելը այնքա՛ն բնական երեւոյթ դարձած է, որ կը սկսինք մոռնալ, թէ իրօք, իրաւացի պատճառ մը կայ անշարժ նստելու մեր մտածումներուն հետ: Բջիջային հեռաձայնին դիմելով կը յարգենք մեր մտածումները, կը յարգենք մենք մեզ:

Ուշ չէ վերագտնելու մեր հանդարտութիւնը: Ամէնէն աւելի յոյս կը ներշնչեն այն պատանիները, որոնք հասակ նետած են այս արհեստագիտութեամբ եւ սկսած են անդրադառնալ, թէ ի՛նչ գին վճարած են: Անոնք դրական ձեւով կը հակազդեն, երբ չափահասներ կը սահմանեն վայրեր, ուր արհեստագիտական գործիքներու մուտքը արգիլուած է, ինչպէս` խոհանոց, նստասենեակ, ինքնաշարժ, որպէսզի վերարժեւորուի զրուցելու եւ ինքնախորհրդածելու սովորութիւնը:

«Հայրի՛կ, կը խնդրեմ, կը բաւէ՛ Կուկըլով փնտռես, կարեւոր չէ՛ ճիշդ պատասխանը գտնես, ես կ՛ուզեմ խօսի՛լ հետդ». 14 տարեկան աղջիկ մը այս բառերով կը համոզէ բջիջային գործիքին սիրահարած հայրը, որպէսզի միասին զրուցեն ընթրիքի պահուն: 14 տարեկան պատանի մը կ՛ըսէ. «Մարդիկ չե՞ն գիտեր, թէ երբեմն պարզապէս կարելի է ինքնաշարժի մը պատուհանէն դուրս նայիլ եւ դիտել աշխարհը, որ կ՛անցնի կողքէդ: Ի՜նչ հրաշալի է, կը մտածես: Բայց մարդիկ չեն գիտեր, որ այսպէս է»: Ինքնալուսանկար մը առնելու երեւոյթը արհեստագիտական բոլոր միջոցներուն պէս մեզ կը մղէ խորհրդածելու մարդկային մեր արժէքներուն մասին: Ասիկա դրական բան մըն է, որովհետեւ մարտահրաւէր կ՛ուղղէ մեզի` պատկերացնելու, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ են այս արժէքները:

*Շէրի Թըրքըլ դասախօս է Մասաչուսէցի Արհեստագիտութեան հիմնարկին մէջ: Ան հեղինակն է «Ըլոն թուկետըր. ուայլ ուի էքսփեքթ մոր ֆրամ թեքնոլոճի էնտ լես ֆրամ իչ ատըր (առանձին` միասին. ինչո՞ւ աւելին կ՛ակնկալենք արհեստագիտութենէն եւ նուազ` իրարմէ) գիրքին:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Ընթերցողներ Կ՛արձագանգեն

«Եթէ իրապէ՛ս կ՛ապրիս պահը, զայն չես ընդմիջեր` լուսանկար մը առնելու համար»:

«Արուեստագէտներ կը սիրեն իրենք զիրենք տեղադրել պահուան մը մէջ: Այսօր բոլորս արուեստագէտ դարձած ենք»:

«Յօդուածը ցոյց կու տայ արհեստագիտութեան պատճառով ստեղծուած հզօր փոփոխութիւն մը` արժէքներու աշխարհին մէջ (թերեւս ասիկա միշտ տեղի կ՛ունենայ սերունդէ սերունդ), իրերայաջորդ արհեստագիտութիւններու ճամբով: Այս օրերուն փորձառութեան մը պահը շատերուն համար իմաստ չունի, բացի, երբ կարելի է զայն բաժնել անմիջապէս: Իսկ ինչ որ իբրեւ «փորձառութիւն» կ՛արձանագրուի, իրականութեան մէջ մակերեսային է: Աւելի լաւ է իրական զրոյց մը ունենալ անձի մը հետ, քան թէ` լուսանկար մը, զոր կարելի է համացանցի վրայ տեղադրել` փաստելու համար, թէ նոյն երկվայրկեանին տուեալ անձին հետ կը գտնուէինք նոյն վայրին մէջ»:

«Այսօր ամէն ոք կը լուսանկարէ ինքզինք կամ այն վայրը, ուր գտնուած է եւ անմիջապէս լուսանկարը կը դնէ աշխարհի տրամադրութեան տակ: Ասիկա կը կոչուի անամօթ ինքնագովութիւն: Վերջերս սկսայ աւելի ժամանակ տրամադրել եւ դիտել Ինսթակրամի վրայ հրապարակուած լուսանկարները: Կը թուէր, թէ բոլոր անոնք, որոնք լուսանկարներ տեղադրած էին, ունէին մէկ մտահոգութիւն. ցոյց տալ, թէ որքա՛ն հրաշալի էր իրենց կեանքը, ամէն օր, ամէն վայրկեան»:

«Այս յօդուածը ցոյց կու տայ մարդկային ընկերութեան անձկութիւնը` անորոշ եւ աննախատեսելի ապագայի մը դիմաց, հետեւաբար նաեւ աննախատեսելի եւ անծանօթ աշխարհ մը մուտք գործելու հաճոյքին կորուստը: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ մարդը պարզապէս կ՛ապրի վայրկեանը վայրկեանին, անատակ է, եւ կը թուի, թէ իր էութեամբ կորսուած է շարժումի եռացող մթնոլորտին մէջ»:

«Մարդկային կեանքին մէջ արուեստը միշտ ալ կեանքի ուղեւորութիւնը արձանագրողի դեր ունեցած է` ցոյց տալու համար ճանապարհը կատարուածին եւ հաւանական գալիքին միջեւ: Շէյքսփիրի պատմական թատերախաղերը ամբողջութեամբ այս մասին էին… Սակայն ափսո՜ս, այսօր մեզի մնացած է միայն «զանգուածի պաշտամունքի» մշակոյթը»:

«Յօդուածին մէջ նշուած 14 տարեկան աղջիկը` իր հօր հետ, պատանին, որ կը դիտէ, թէ ինչ կը կատարուի պատուհանէն դուրս` մինչ ինքնաշարժը կը քալէ, բացառութիւններ չեն, սակայն հետզհետէ աւելի արտասովոր կը դառնան ներկայ ժամանակներուն»:

«Յօդուածը շատ հետաքրքրական է այն առումով, որ այսօր լուսանկարները կը ծառայեն միայն դէպքեր արձանագրելու եւ ցուցադրութեան: Այլեւս մեր առած լուսանկարները չենք տպեր` ալպոմ մը կազմելու համար, այլ` զանոնք կ՛առնենք միայն ուրիշներուն ղրկելու կամ ցոյց տալու նպատակով»:

«Յիշողութեան արժանի միակ իրական դէպքերը կ՛անմահանան մեր յիշողութեան եւ ուղեղին մէջ, որ առիթ կու տայ մեզի վերապրելու զանոնք»:

985data2«Ինչ որ զիս կը մտահոգէ` բջիջային հեռաձայնով փոխանակուած երկտողերն են, որոնք կը գործածուին խօսակցութեան փոխարէն: Երկտողերը շատ կարճ են: Անոնք չեն յաջողիր կապ մը ստեղծել, նոյնիսկ, երբ իրարու կը յաջորդեն: Իսկ երբ աւելի երկտողերով կը խօսինք, քան` կը զրուցենք, ապա իրական երկխօսութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այս պարագային երկտողը կը ստեղծէ կապի եւ մտերմութեան կեղծ զգացողութիւն մը»:

«Նոր ծնաւ թոռս, որ իր ծնողներուն հետ կ՛ապրի իմ բնակավայրէս շատ հեռու: Բջիջային հեռաձայնով առնուած լուսանկարներն ու տեսերիզները զիս մասնակից կը դարձնեն իրենց կեանքին: Ջերմ կապ մը կը ստեղծուի, երբ իւրաքանչիւր նկար առիթ կու տայ զրոյցի, քննարկումներու, նպատակներ որոշելու, զաւակ մեծցնելու մասին կարծիքներ փոխանակելու, մոռցուած յիշողութիւններ վերաթարմացնելու: Օր մը, երբ յիշողութիւնս սկսի դաւաճանել, կրնամ այս նկարներուն դիմել` իբրեւ վաւերական արձանագրութիւն»:

«Արհեստագիտութիւնը մեզ աւելի կը մօտեցնէ իրարու, քան` կը հեռացնէ»:

«Վերջերս ներկայ էի համերգի մը: Խումբը առջեւի շարքերէն հանդիսատեսներ հրաւիրեց բեմ` վերջին երգը միասին երգելու համար: Պարային երգ մըն էր եւ հանդիսատեսները բեմ հրաւիրուած էին` խումբին հետ պարելու համար: Շուրջ 100 հոգի խուժեց բեմ, սակայն գրեթէ ոչ ոք կը պարէր խումբին հետ: Փոխարէնը` բոլորն ալ բարձր բռնած էին իրենց խելացի հեռաձայնները եւ կը նկարահանէին իրենք զիրենք` բեմին վրայ: Մենք` հանդիսատեսներս, կը դիտէինք խումբ մը մարդիկ, որոնք բեմին վրայ կանգնած էին իրենց բջիջային հեռաձայններով: Պարի խանդավառ մթնոլորտ չկար: Մէկը խումբին գլխաւոր երգիչին վիզին փաթթուած` երգին ամբողջ կատարումին ընթացքին ինքզինք կը նկարէր երգիչին հետ, որ հազիւ կրնար շնչել: Հաճելի տեսարան մը չէր, ոչ ալ` հաճելի փորձառութիւն մը: Բոլորն ալ պարզապէս իրենց հետ պիտի տանէին բջիջային հեռաձայններ բռնած հարիւր հանդիսատեսներու լուսանկարը բեմին վրայ: Կ՛արժէ՞ յիշել այս փորձառութիւնը»:

 

Երգիծանկարիչը Դարձեալ Կը Խօսի

985BIZ

… եւ անոր ծնունդը պիտի փառաբանուի բազմամիլիոն տոլար արժողութեամբ հոլիվուտեան ժապաւէններով, ջախջախումներով ու պայթումներով եւ ժանտատեսիլ նենգ տիպարներով:

Չէ՛, իրաւ կ՛ըսեմ:

Share this Article
CATEGORIES