Հակառակ Հալէպի Հայահոծ Թաղերուն Մէջ Հրասանդի Տեղատարափին, «Յանուն Ազգի Փրկութեան» Խորագիրով Տօնակատարութիւն ՀՅԴ-ի 123-ամեակին Նուիրուած

Այսօր ուխտի վերանորոգման օրն էր: Այսօր երեք դարերու մէջ գործող եւ պատմութիւն ունեցող կուսակցութեան հաշուետուութեան պահն էր: Այսօր հաւաքական կամքով պայքարը շարունակելու վճռականութեան արտայայտութեան առիթն էր: Այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 123-ամեակի համաժողովրդային տօնակատարութիւնն էր:

Սուրիոյ հայութիւնը անխտիր եկած էին զօրակցելու եւ իրենց վստահութիւնը փոխանցելու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպան կուսակցութեան: 

Բոլորը եկած էին միասնաբար շարունակելու արեան ճամբով կերտուած պատմութեան դժուար, բայց պանծալի եւ յուսատու էջերը:

21 դեկտեմբեր 2013-ի` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Սիւլէյմանիէի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 123-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:

Ներկայ էին երեք հայ համայնքապետերը` Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանը, Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան իբրեւ Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Պատանիները, երիտասարդները, ուսանողները, տարեցները, բանուորները, ուսուցիչները, արուեստագէտները, արհեստաւորները, տնօրէնները միատեղուած էին եւ բոլորը միացնողը անգամ մը եւս, ինչպէս միշտ Դաշնակցութի՛ւնն էր:

Անոնք եկած էին հզօր կուսակցութեան տօնին` Հալէպի դժուար եւ տագնապալի պայմանները անտեսելով, երբ նոյն ժամերուն` մէկ կողմէ Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը, իսկ միւս կողմէ ՀՄԸՄ-ի պարտէզը հրասանդներու թիրախ կը դառնային` բարեբախտաբար արձանագրուելով միայն նիւթական վնասներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ նախ ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` իբրեւ յարգանք ՀՅԴ-ի, Սուրիոյ եւ Սուրիոյ հայութեան բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին, ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգները, կատարողութեամբ` Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Ռուզան Պարսումեանի:

Բացման խօսքը կատարեց Վերա Գաբրիէլեան-Գէորգեան, որ անդրադարձաւ օրուան տօնական նշանակութեան` շեշտելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 123 տարիներու դժուարին ուղին` ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` յաջորդաբար մեկնաբանելով` «Պանք Օթոման», Գարեգին Նժդեհի երգը` «Արազի ափին», «Ձայն տուր ով ֆետայ», Սերոբին եւ Սօսէին երգը` «Գնդակ որոտաց» եւ «Արիւնոտ դրօշ» երգերը:

Օրուան բեմավարներն էին` Ներսէս Պարսումեան եւ Բալիկ Ճապաղջուրեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին յատուկ երանգ տուաւ խմբային ասմունք, երգ եւ նուագակցութիւն` երեքը միատեղ ամբողջական ներդաշնակութեամբ եւ ներկայացումով: Ասմունքը համադրում մըն էր հալէպահայ մտաւորականներ` Արմէն Անուշի (Մարաշլեան) եւ Յովսէփ Ղազարեանի կտորներէն, բնականաբար նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ասմունքող խմբակին մաս կը կազմէին` Արեւիկ Լէպլէպճեան, Մեղրի Պագգարեան, Գէորգ Գատէհճեան եւ Յովսէփ Ասատուրեան: Ասմունքին միջանկեալ «Անմար մնայ մեր գլխէն» երգով ընկերակցեցաւ Արամ Խաչատուրեան, իսկ երաժշտական նուագակցութեամբ մասնակցեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն եռեակ մը` Գէորգ Մանուկեանի (ֆլիւթ), Անժել Շոհմելեանի (քանոն) եւ Նշան Փափազեան (ջութակ) կատարողութեամբ:

Սրահը լեցուցած հանդիսատեսը, մերթ յուզիչ, մերթ ոգեւորիչ ու մանաւանդ հպարտութեամբ վայելեց ուրախ մթնոլորտը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը` հաստատելով, որ Դաշնակցութեան օրը առիթ կը նկատուի հաշուետուութիւն կատարելու:

Տոքթ. Սարգիսեանի պատգամը ունէր հիմնական չորս սլաք, ուղղուած.-

ա.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իր գաղափարական դրուածքն ու նպատակը ծնունդէն մինչեւ օրս:

բ.- Սուրիահայութեան տագնապին մէջ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը:

գ.- Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ուղղուած` սուրիահայերը, որոնք Հայաստան կը բնակին պէտք է ալ աւելի բարենպաստ պայմաններ վիճակուի անոնց, որպէսզի Հայաստանը չըլլայ այն կայքը, որմէ կ՛ուղղուին արեւմտեան ափեր:

դ.- Համահայկական առումով, սուրիահայութեան տագնապը կը հանդիսանայ իբրեւ կիզակէտ, առաջնահերթ խնդիր:

Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիական եւ յատկապէս Սուրիոյ հայերու զարգացումներուն` դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին հիմնական պատգամն է այն, որ Սուրիան պէ՛տք է շարունակէ պահպանել ամբողջական համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը` բացառելով բռնամիջոցը, մերժելով ներսուրիական բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելով հարցերը:

Տոքթ. Սարգիսեան ընդգծեց ապատեղեկատուութեան եւ խեղաթիւրուած լուրերու մեր դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրը: Յիշեց Սուրիոյ հիւսուածքի մէկ մասը եղող հայութեան անմեղ նահատակները, անոր փոքր եւ մեծ նիւթական վնասները: Վերջապէս, Դաշնակցութեան դերակատարութիւնն ու ամէն տեսակի զոհողութիւնը բոլոր քաղաքացիներու եւ համայն հայութեան նկատմամբ անխտիր` պարտաւորուածութիւն ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ:

Ապա բեմ բարձրացաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան առաջին հերթին ըսաւ, թէ վերջին 123 տարիները լեցուն են այնպիսի սխրագործութիւններով, որոնց համար մեր ժողովուրդի զաւակները առանց բացառութեան կրնան հպարտութեամբ եւ համահայկական գիտակցութեամբ իրենց ճակատը բարձր պահել, եւ որուն մէջ պատիւը կը տրուի հայանուէր կազմակերպութեան` Դաշնակցութեան, որ մեր պատմութեան ամենատխուր օրերուն եւ ամենատագնապալի պահերուն կը յայտարարէ եւ կը խոստանայ ծառայել` ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ:

Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ յատկապէս Սուրիոյ տագնապալի երեք տարին պիտի կոչուին ԿԱՐՄԻՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀ:

Սրբազան հայրը իր խօսքը փակեց` ողջունելով պատնէշի վրայ մնացող եւ ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ուխտեալ հերոսները, որոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը ամուր մնայ տագնապալի այս օրերուն մէջ, ապա շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակը:

Դաշնակցութեան 123-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES