Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Aleppo_MYԺամանակին բարեկամներէս մէկը իր ամերիկացի գործընկերը զարմացուցեր էր` անոր բացատրելով, որ Հալէպի մէջ օրական մէկ տոլարով կարելի է երեք ժում կուշտ ու կուռ ուտել, այն ալ` շատ համով տեսակներ:

– Միայն մէ՞կ տոլար:

– Միա՛յն մէկ տոլար, որ յիսուն սուրիական կ՛ընէ. առտուն տասը ոսկիի ֆուլ կ՛ուտես, վրայէն ալ տասը ոսկիի շա՛ապիյէթ, կէսօրին տասնհինգ ոսկիի ֆալաֆելի էքսթրա սանտուիչ մը կ՛ուտես, հետն ալ հինգ ոսկիի կազոզ կը խմես, իրիկունն ալ` տասը ոսկիի համմոս, հետը` սերվիս` սոխ-լոլիկ-հասքուրիէ (հալաբինոյի նման կանանչ մանր պղպեղ, Հալէպի յատուկ):

Բոլոր զբօսաշրջիկներն ու Հալէպ այցելող նախկին հալէպցիները ամէ՛ն բանի գինը կը հարցնէին, յետոյ տոլարի կը վերածէին եւ բառացիօրէն սրտանցում կ՛ունենային.

– Եա պալաշ … սենթեր, շա՜տ-շա՛տ` քանի մը տոլար … շատ աժան է ձեր քաղաքը, մեր հո՜ն …

Եւ ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր հալէպցիին ամսական աշխատավարձն ալ տոլարի վերածել:

Այսօր ֆալաֆելի մէկ նիհար սանտուիչը հարիւր ոսկի է, կէս քիլօ համմոսը` հարիւր ութսուն հինգ, իսկ յիսուն ոսկիի ֆուլ ծախող ա՛լ չկայ, երբ այդքան ֆուլով չորս հոգի կը կշտանար:

Իսկ ամսականնե՞րը … յիսուն տոլար, որովհետեւ տոլարին սակը այսօր քառապատկուեր է:

Բայց, ըստ երեւոյթին, ա՛լ զարմացող չկայ:

*** Կրկին երկա՜ր ժամեր հոսանքի անջատում:

Արդէն կարօտցեր ենք հեռատեսիլը: Երբ հոսանքը կը միացնեն, կը սկսի վազքը տան մէջ` լուացք, ելեկտրական սալիկներու վրայ ճաշի պատրաստութիւն, եւ եթէ տակաւին հոսանք կայ, քիչ մըն ալ հեռատեսիլ դիտել:

Լուրերը գրեթէ միշտ նոյնն են` վայրերու եւ դէմքերու փոփոխութեամբ, այնքան նոյնը, որ կարելի է Իրաքէն կամ Եգիպտոսէն քանի մը տարի առաջուան պատկերները ցուցադրել եւ հաւատացնել, որ անոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, հոս:

Գոնէ ժապաւէն մը ըլլայ: Այստեղ ալ նոյն հարցը ունինք, գրեթէ բոլոր ժապաւէնները կը բեւեռուին սպանութիւններու, ոճիրներու, պատերազմներու շուրջ: Արիւնն ու խուժդուժութիւնները սովորական տեսարաններ են: Կը յիշեմ, որ մանկութեանս  նման տեսարաններու առջեւ հայրս կ՛ըսէր` աման ճանըմ, սուտուփուճ բաներ  են: Այսօր, սակայն, երբ գիտենք, որ այս բոլորը սուտ ու փուճ բաներ չեն, ամէն օր, ամէն տեղ ու մանաւանդ մեր մօտ եղած բաներ են, ա՛լ չենք կրնար դիտել: Եւ հեռատեսիլը, որ հաճոյքի միջոց պէտք էր ըլլար, կը դառնայ տառապանքի ձեւ մը: Տառապանքի ձեւ կը դառնայ նաեւ անոր համար, որ կ՛անդրադառնամ, թէ արեան եւ ոճիրներու ժապաւէններու այս հոսանքը, որ տասնեակ մը տարիներ առաջ սկսած էր յատկապէս մեր կողմերուն համար (ասիկա հաստատեցի, երբ դրացի երկրի մը կարեւոր մէկ պաշտօնեայ բարեկամուհիս ըսաւ, որ նման ժապաւէններ ՁՐԻ կը տրամադրուին մեծ պետութիւններու կողմէ, հեռատեսիլի պետական կայաններուն) կը ծառայեն մարդիկը նման արարքներու վարժեցնելու: Երբ հոգիով մարդ պատրաստ է ոճիրի, մինչեւ գործադրութիւն երկար չէ միջոցը:

Եւ անշուշտ կը մարեմ հեռատեսիլը. նախընտրելի է նոյնիսկ նոյն գիրքը կրկին կարդալ, քան` նման ժապաւէններ դիտել:

Հաճոյք մը եւս, որ կը մարի, ինչպէս մարեր են խոհանոցի, եփել-թխելու, շուկաներուն մէջ ուզածդ գտնելու, թէկուզ հիմնական բաներ գտնելու «հաճոյքները»:

– Պատերազմի մէջ ենք, չէ՞,- կը մխիթարեն զիրար, եթէ այս իրողութեան մէջ որեւէ մխիթարական բան կայ:

***

– Ինչպէ՞ս ես, մա՛մ,- տղաս կը հեռաձայնէ:

Այս մէկ բառը կը բաւէ, որ ամբարտակներս փուլ գան եւ բարկութիւններուս լաւան թափով ժայթքի.

– Ինչպէ՞ս պիտի ըլլամ, ինչպէ՞ս կ՛ուզես որ ըլլանք, քանիերորդ անգամն է այսպէս միակտուր ո՛չ հոսանք, ո՛չ ջուր, ո՞ր դարը կ՛ապրինք` չե՛մ հասկնար, ասիկա մարդկային իրաւունքներէ զրկել է ժողովուրդը, եւ ինչո՞ւ համար, ազատութեա՞ն, յեղափոխութեա՞ն, բայց ժողովո՞ւրդն է զիրենք ազատութենէ զրկողը, թող երթան հոն, ուր պէտք է, ա՛լ թող ձգեն ժողովուրդին օձիկը, կը բաւէ, հերի՛ք եղաւ … եթէ իրենց համար տարբերութիւն չեն ըներ ջուրն ու մաքրութիւնը, որովհետեւ իրենք վարժ են կեղտի մէջ ապրելու, մենք չե՛նք ընդունիր …

Մէկ կողմէ գիտեմ, որ ապարդիւն է բարկութիւնս, պիտի ըլլայ այն, ինչ որ որոշուեր է, թէեւ նպատակը ի՛նչ է, չեմ գիտեր. միւս կողմէ` կ՛աղօթեմ, որ հեռաձայնային գիծին երրորդ կողմը (այս գիծերը միշտ եւ ամէն տեղ երրորդ կողմ մը ունին, վարչակարգերէն անկախ) կ՛աղօթեմ, որ գիծի երրորդ կողմը լսէ զիս, ու թերեւս, միայն թերեւս բան մը փոխուի: Ի՜նչ միամտութիւն: Ոչինչ կը փոխուի: Այս վիճակին մէջ կարելի է ուղղակի խելագարիլ, բեկում ապրիլ: Անյոյս, անել, ապարդիւն սպասում մը, որ միայն ջիղ կը լարէ:

Ժամանակն ալ կարծես «չարերուն» հետ դաշնակցած` սառեր մնացեր է, մանաւանդ իրիկունները, երբ մութը կ՛իջնէ, հոսանք արդէն չկայ, ոչ մէկ բան կարելի է ընել, ցուրտը կ՛արգիլէ դուրսերը մնալ … ժամանակը չ՛անցնիր: Կը յոգնինք նստելէն, լռելէն, սպասելէն, եւ ստիպուած` անկողին կ՛երթանք, ստիպուած` յոյսի տաքուկ տոպրակը կը գրկենք, որովհետեւ տաքնալու այլ միջոց չունինք, եւ կը փորձենք քնանալ:

***

Երթա՞մ: Չերթա՞մ: Չեմ գիտեր: Ա՛լ բան չեմ գիտեր:

Ասմունքի փառատօն: Ջուր չկայ, որ գլուխս լուամ: Վարսայարդարի ալ չեմ կրնար երթալ, հո՛ն ալ ջուր չկայ: Այս վիճակո՞վ երթալ:

Բայց ինչպէ՞ս չերթալ, երբ խումբ մը մանուկներ եւ պատանիներ, ամբողջ երեք ամիս փորձեր ըրած են, հրացանաձգութեան տակ փորձի եկեր են, որ այսօր` կիրակի, 10 նոյեմբերին բեմ հանեն իրենց աշխատանքին արգասիքը` ասմունքի այս ելոյթը, որուն նիւթը Հալէպն է, մեր սիրելի եւ վիրաւոր քաղաքը:

Երթա՛լ ուրեմն:

***

Տիկին Սեդան կը հրամցնէ պնակով խմորեղէն մը, որուն տեսքը կ՛ըսէ արդէն, թէ` ա. քաղցրեղէն է եւ բ. շատ համով է:

– Համին նայեցէք, նոր բան մըն է, չափերը ուրիշէ մը առի:

Սենեակին մէջ բոլոր եղողները կը համաձայնին, որ իրապէ՛ս շատ համով է:

– Ի՞նչ է:

– Հացով բան մըն է,- կ՛ըսէ մէկը:

– Մամունիյէի համ ունի կարծես:

– Այո,- կը բացատրէ տիկին Սեդան,- մամունիյէ կը շինես, առանց իւղի, յետոյ այդ թանձր մածուկը հացերուն մէջ կը փաթթես, կը տապկես եւ անմիջապէս շաքարաջուրի մէջ կը դնես:

Այնքան պարզ, այնքան … աժան եւ այնքա՜ն համով: Ամէն օր հալէպահայ տիկինները նոր առիթ մը կու տան մեզի` իրենց ձեռներէցութեամբ եւ շնորհքներով հիանալու:

Հիմա շատեր պիտի ըսեն` հալէպցիները իրենց փորը շատ կը սիրեն: Այո՛, կը սիրեն եւ խոհանոցը արուեստի վերածած են, բայց ոչ միայն խոհանոցը, այլ … ապրիլը ընդհանրապէս: Կա՞յ աւելի հիւրասէր եւ հիւրընկալ, աւելի ուրախ, աւելի աշխատասէր եւ կեանքը սիրող, քան հալէպահայը. ասոնք չե՞ն արդեօք կեանքի հիմնական եւ պարզ հաճոյքները: Եւ այսքան մութի, այսքան ցաւի եւ զրկանքներու մէջ եթէ կրնան մտածել նաեւ քաղցրեղէնին մասին, հալա՛լ է իրենց … մեզի` հալէպցիներուս:

***

Երբ հոսանքը օրուան մէջ մէկ ժամ եկաւ եւ ջուրը սկսաւ գրեթէ ամբողջ օրը հոսիլ ծորակներէն, մենք բնաւ չուրախացանք: Ինչպէ՞ս ուրախանայինք, երբ դեռ երէկ Դամասկոսի մէջ պայթումներուն պատճառով երեխաներ եւ դպրոցական մանուկներ մահացեր էին եւ վիրաւորուեր: Երանի անջուր եւ անհոսանք մնայինք, բայց այդ երեխաները շարունակէին ապրիլ: Ի՞նչ է անջուր եւ անհոսանք մնալու մեր «ցաւը» այդ մանուկներու մահուան ցաւին քով: Երանի՜, հազա՛ր երանի անջուր եւ անհոսանք մնայինք, եւ անոնք շարունակէին ապրիլ:

***

Արդէն գրելն իսկ դարձաւ անիմաստ:

Կեանքին առջեւ, կեանքեր ջնջելու քմահաճոյքին բարբարոսութեան առջեւ ոչինչ կրնայ պահել իր իմաստը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES