Դժբախտ Պատահար. Մահացաւ Ողիմպիական Խաղերու Կրկնակի Մետալակիրը
Երէկ` կիրակի, 29 դեկտեմբերին, ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացաւ ողիմպիական խաղերու կրկնակի մետալակիր, ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի քառակի ախոյեան Փեսիք Քութոխով, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
27 տարեկան Քութոխով Արմաւիրի մայրուղիին վրայ ունեցած է բաւական ծանր արկած մը, երբ բախած է բեռնակառքի մը:
CATEGORIES Մարզական

