Ուսէյն Պոլթ, Սերենա Ուիլիըմզ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Լաւագոյնները
Մարզական լրագրողներու միջազգային համադաշնակցութիւնը (AIPS) ամփոփեց 2013 տարուան լաւագոյն մարզիկին, մարզիկուհիին եւ ֆութպոլի ակումբին համար տեղի ունեցած հարցախոյզին արդիւնքները:
Հարցախոյզին մասնակցեցան 96 երկիրներու 470 ներկայացուցիչները:
Ըստ հրապարակուած արդիւնքին, լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ թեթեւ աթլեթ Ուսէյն Պոլթ, որ ապահովեց 1281 կէտ (30,24 առ հարիւր), լաւագոյն մարզիկուհին ճանչցուեցաւ թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ` 815 կէտով (22,25 առ հարիւր), իսկ լաւագոյն խումբը ճանչցուեցաւ Պայէրն Միւնիխ ֆութպոլի ակումբը` 1707 կէտով (41,32 առ հարիւրով):
CATEGORIES Մարզական

