Եուրա Մովսիսեանի Գլուխով Նշանակուած Կոլը Ճանչցուած Է Լաւագոյնը

youraArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ռուսական հանրածանօթ championat.com կայքէջը հրապարակած է 2013-2014 տարեշրջանի` Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աշնան շրջանին գլուխով նշանակուած լաւագոյն 10 կոլերը:

Առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի նշանակած կոլը` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:

Այս մրցումին Մովսիսեան հեթրիք մը իրագործելով նպաստեց, որ իր խումբը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ:

Նշենք, որ անոր նշանակած մէկ այլ կոլը` Վոլքայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, լաւագոյն տասնեակին մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES