Ճարտարարուեստի Մարզի Հետազօտութիւններու Հիմնարկի Պատասխանատուներու Մեծարում

Պարգեւատրումի հանդիսութենէն պահ մը
Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի, երէկ մեծարուեցան Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկի պատասխանատուներ:
Մեծարանքի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր, Վաճառանիշերու լիբանանեան ազգային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներ, ինչպէս` Ռոպեր Տըպպաս, Սամի Նասըր, Հապիպ Ղազիրի եւ ուրիշներ:
Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆրըն իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ 2014-ը պատասխանատուութիւններով եւ մարտահրաւէրներով հարուստ պիտի ըլլայ. ան մաղթեց, որ յաջորդ տարին ըլլայ Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի տարին:
Իր կարգին, Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ կարգերն ու կանոնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացած ընկերութիւնները կ՛ենթադրեն հաստատութիւններուն արդիականացումը` դէպի ապագայ ուղղուելու եւ հոն դերակատարութիւն ունենալու համար:

