Ժոմպլաթ. «Շաթահի Յիշատակը Առյաւէտ Կարելի Է Պահել` Ամրապնդելով Երկխօսութիւնն Ու Չափաւորականութիւնը»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի նման պայծառ միտքերու եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշներու ահաբեկումը պէտք չէ վերջ տայ չափաւորականութեան, ազատ մտքին ու երկխօսութեան:
«Հետեւաբար` Շաթահի յիշատակը առյաւէտ կարելի է պահել` ամրապնդելով երկխօսութիւնն ու չափաւորականութիւնը, հակառակ ցաւին ու թախիծին», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ ընդգծեց Լիբանանը շրջանային տագնապներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրենց ներքին քաղաքական տագնապը իմաստուն եւ իրապաշտ կերպով պէտք է լուծեն` առանց ազդուելու շրջանը հարուածող տագնապին հետեւանքներէն:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց կանխարգիլելու քաղաքական, սահմանադրական, հաստատութենական եւ ապահովական վտանգները, ինչպէս նաեւ երկիրը զերծ կացուցելու անիշխանութենէ:

