«Ի Շահ Բանակին Կատարուած Սէուտական Օժանդակութիւնը Պէտք Է Ամբողջանայ Կառավարութեան Կազմութեամբ» Ըսաւ Թամմամ Սալամ

Tammam-salam-def-1Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք 3 միլիառ տոլարի գումարը յոյս ներշնչող երեւոյթ մըն է, ինչպէս նաեւ փաստ մը, որ Լիբանան տակաւին կը վայելէ իր բարեկամներուն եւ հարազատներուն զօրակցութիւնը:

Սալամ հաստատեց, որ զգայուն այս հանգրուանին ընթացքին, ի շահ բանակին  կատարուած այս օժանդակութիւնը պէտք է ամբողջացնել կառավարութեան կազմութեամբ:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ փոխըմբռնումը արդիւնք է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES