Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջլիբանանեան Համախոհութեան

kanaanՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը սահմանադրական հարց է եւ կարելի չէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտել:

Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական համախոհութիւն գոյացնել եւ վերադառնալ պետական հաստատութիւններու բնականոն աշխատանքին` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած այս արտակարգ կացութիւնը:

«Երկրին հարցերուն լուծումը կը սկսի գոյանալիք համախոհութեամբ: Իսկ մենք մեր նախաձեռնութեան կառչած պիտի մնանք եւ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը` հիմնական նպատակ ունենալով Լիբանանի փրկութիւնը եւ հաստատութիւններուն աշխատանքին աշխուժացումը», ըսաւ Քանաան:

Քանաան յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը սկզբունքով կ՛ողջունէ լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական թագաւորական օժանդակութիւնը, սակայն տակաւին տեղեակ չէ այդ օժանդակութեան պայմաններէն եւ չի գիտեր, թէ բանակի հրամանատարութեան տեսակէտը ի՛նչ է այդ պայմաններուն առնչութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES