Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց հետապնդել հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` ընդգծելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ կատարուած սէուտական օժանդակութեան առիթով:

Հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն, որ վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանին` աւելցնելով, որ Փարիզ պատրաստակամ է լիբանանեան բանակին կարիքները հոգալու` երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւններուն եւ բանակին հրամանատարութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ կազմուի նոր կառավարութիւն մը, որ պիտի կարենայ յաջորդ տարուան մարտահրաւէրները դիմագրաւել, յատկապէս նախագահական ընտրութեան պարագային:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յաջորդ հանգրուանին խորհրդարանին ունենալիք դերակատարութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակն ու բանակին կարիքները, որոնք պիտի ներկայացուին ֆրանսական իշխանութիւններուն` գործադրելու համար լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով սէուտական օժանդակութեան յատկացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES