Պատանի Մոհամետ Շաարի Սպանութեան Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Քայլարշաւ
Նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումին պատճառով սպաննուած պատանի Մոհամետ Շաարի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ երէկ Ռաֆիք Հարիրիի անուան դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախէր նաեւ պատանին:
Շաարի դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ սպանեալին ծնողքն ու անոր կրտսեր եղբայրները:
Ձեռնարկին ընթացքին Մոհամետ Շաարի հայրը` Հասան Շաար յուզմունքով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իր զաւկին նկատմամբ ցուցաբերուած խոր սիրոյն համար:
Խօսքեր առին նաեւ Շաարի դասընկերները, որոնք ընդգծեցին անոր բարութիւնն ու կենսուրախ նկարագիրը:
Յիշատակի ձեռնարկէն ետք Մոհամետ Շաարի դասընկերները դպրոցէն դէպի Սթարքօ քայլարշաւ մը կազմակերպեցին:
Քայլարշաւին ընթացքին անոնք գոռացին իրենց դասընկերոջ անունն ու մականունը եւ բարձրացուցին Շաարի լուսանկարները, ինչպէս նաեւ սպիտակ վարդեր, որոնք անոր մտերիմներուն կողմէ զետեղուեցան իր սպանութեան վայրին մէջ:
Նշենք, որ Պէյրութի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ որոշեց Մոհամետ Շաարի յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը կանգնեցնել անոր սպանութեան վայրին մէջ:

