«Վարչապետին Յայտարարութիւնները Իրականութեան Չեն Համապատասխաներ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի` ուրբաթ օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած քանի մը յայտարարութիւններուն մասին կարծիք յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Մինասեան նշեց, որ վարչապետին ելոյթը մանրամասն չէ լսած, բայց ուշադիր եղած է կուտակային կենսաթոշակներու վերաբերեալ հարցին եւ «ՀայՌուսկազարդի» բաժնետոմսերու վաճառքի հարցերուն վերաբերող հատուածներուն:

Ըստ անոր, կենսաթոշակային բարեփոխումներուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ վարչապետը հերքեց նախագահին միտքը, ըստ որուն, սերունդներու համերաշխութեան համակարգը կը վերանայ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային բաղադրիչի գործադրման պարագային:

«Չեմ կիսեր այն տեսակէտը, որ այս համակարգը, որ կ՛առաջարկուի, արդար է, Հայաստանի փրկութեան կ՛առաջնորդէ կամ այլընտրանք չկայ: Ատիկա այդպէս չէ, միջազգային փորձառութիւնը կը փաստէ ու նաեւ մեր տնտեսութեամբ ձեւաւորուած հիմնական մարտահրաւէրները կը մատնանշեն, որ մենք պէտք է իրականացնենք համակարգի բարեփոխում բացառապէս Հայաստանի քաղաքացիներուն ընտրութիւն տալու միջոցով, եւ որեւէ արդիւնք կամ պարտադրանք չի կրնար օգտակար ըլլալ», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը նշեց, որ առաջարկուող համակարգը պարզապէս անգամ մը եւս պիտի նուազեցնէ քաղաքացիներուն եկամուտները եւ պիտի մղէ արտագաղթի` իր բոլոր բացասական դրսեւորումներով:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետի այն յայտարարութեան, թէ «ՀայՌուսկազարդ»-ի` Հայաստանի կառավարութեան պատկանող բաժնետոմսերը «Կազփրոմ»-ին ծախելու միջոցով կարելի դարձաւ կազ գնել աւելի ցած գինով, Մինասեան նշեց, որ ատիկա նոյնպէս իրականութեան չի համապատասխաներ:

«Ասիկա որեւէ կերպով չ՛ապացուցեր կամ չի հիմնաւորեր այն փաստը, որ Հայաստան կրնայ 5 տարուան ընթացքին անփոփոխ գիներով կազ ստանալ, որովհետեւ համաձայնագիրով նախատեսուած է, որ տարին առնուազն անգամ մը գիները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին»:

 

Share this Article
CATEGORIES