Քոչարեան Խստիւ Կը Քննադատէ Վարչապետ Սարգսեանը

Kocharian_SargsianՀայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան իր ոչ պաշտօնական կայքէջին վրայ երէկ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ խստիւ քննադատեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը:

Վարչապետը վերջերս տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նկատել տուած էր, որ մինչեւ տնտեսական ճգնաժամը տնտեսական աճի հիմնական շարժիչ ուժը ըլլալով, նոյնինքն շինարարութեան մարզն ալ աւելի ուշ նկատելի անկում արձանագրած էր եւ հանդիսացած ճգնաժամի էական պատճառներէն մէկը:

«Շինարարութեան փուչիկը, որ փչուեցաւ եւ պայթեցաւ, առաջադրեց բացասական երեւոյթ», ըսած էր վարչապետը` ընդգծելով տնտեսութեան բազմազանացումի անհրաժեշտութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ վարչապետին նախորդ շաբաթավերջին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արդեօք հնչա՞ծ են այնպիսի պատասխաններ կամ մեկնաբանութիւններ, որոնք գրաւած են իր ուշադրութիւնը, Հայաստանի երկրորդ նախագահը արձագանգած է, որ պիտի կեդրոնանայ դրուագի մը վրայ: «Իմ ուշադրութիւնս գրաւեց վարչապետին տուած պատասխանը լրագրողի հարցումին` հանրապետութեան մէջ արդէն հինգ տարիէ ի վեր շարունակուող շինարարական ծաւալներու անկման պատճառներուն մասին: Քանի որ վարչապետի բացատրութիւնը ոչ մէկ ընդհանուր բան ունէր իրականութեան հետ, ես կը փորձեմ պատասխանել այդ հարցումին»:

Ապա Քոչարեան թուարկեց հինգ տարիներու շինարարութեան ծաւալներու անընդմէջ եւ անշեղ անկման պատճառներու երեք խումբեր:

«1) Բնակչութեան զանգուածային ելքը Հայաստանէն (թիւերը չեմ նշեր, որպէսզի չփճացնեմ բոլորին տօնական տրամադրութիւնը): Կը հեռանան նոր բնակարաններու հաւանական յաճախորդները` կրճատելով պահանջարկը անշարժ գոյքի շուկային մէջ: Անոր հետ միասին, հեռացող ընտանիքներու բնակարաններուն մէկ մասը անխուսափելիօրէն կը յայտնուի երկրորդական շուկային մէջ` ձեւաւորելով առաջարկի աւելցուկ: Անշարժ գոյքի պահանջի եւ գինի անկումը լրջօրէն խաթարած են շինարարութեան մարզի ներդրումային գրաւչութիւնը: Թուարկուած պատճառներով ալ չի գործեր յետաձգուած բնակարանային պահանջի ազդեցութիւնը 2009 թուականի ճգնաժամի սուր փուլէն ետք: 2) Գրաւադրական վարկաւորման պայմաններու նշանակալի վատթարացումը, եթէ տակաւին կարելի է զայն գրաւադրութիւն կոչել: Պարզապէս համեմատեցէ՛ք 2004-2007 թուականներու եւ այսօրուան պայմանները, եւ կը հասկնաք, որ խելքը գլուխը ու սթափ միտքով մարդոցմէ քիչերը կը համարձակին օգտուիլ այսպիսի «գրաւադրութենէն»: Եւ ասոր մէջ դրամատուները յանցանք չունին: Անոնք այդպէս կ՛արձագանգեն տնտեսութեան ընդհանուր իրավիճակին եւ գրաւադրուած անշարժ գոյքի խնդրայարոյց լուծարումը: Աւելցուցէ՛ք այս ամէնուն նաեւ աղքատ բնակչութեան էական աճը, մարդիկ, որոնք երազել անգամ չեն կրնար բնակարան ունենալու, ալ չըսենք` գրաւադրութենէն օգտուելու առիթին մասին: 3) Մեր քաղաքացիներուն տրամադրութիւնը: Անտարբերութեան զգացումը, երկրի հեռանկարին նկատմամբ հաւատքի բացակայութիւնը այն աստիճանի հասած են, որ կը դառնան մարդոց վարքագիծին վրայ ազդող կայուն գործօն: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ մնացեալ բնակչութեան ուղիղ 40 առ հարիւրը մտադիր է ընդմիշտ տեղափոխուիլ այլ երկիր` առաջին իսկ կարելիութեան պարագային: Հեռանալուն հակուած մարդը երբեք անշարժ գոյք ձեռք չի բերեր այն երկրին կամ քաղաքին մէջ, որ կ՛ուզէ լքել: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ նոր առեւտուր ձեռնարկելուն»:

«Ահա ասոնք են շինարարութեան ծաւալներու կայուն անկման հիմնական պատճառները: Ամէն ինչ աւելի քան պարզ է եւ հասկնալի (բայց ոչ` քանի մը յատուկ «շնորհալիներու» համար): Եւ ասոր մեղաւորը նախորդ կառավարութիւնը չէ, եւ ոչ ալ հաստատ` որոշ այլմոլորակայիններ: Ճգնաժամն ալ արդէն վաղուց կապ չունի: Այնպէս որ պատասխանատուութենէն այստեղ կարելի չէ խուսափիլ», յայտարարեց նախկին նախագահը:

«Եթէ վարչապետը ասիկա չի հասկնար, ուրեմն ան բանականութեան քայքայում կ՛ապրի: Եթէ հասկնալով կը ստէ ու կը խուսանաւէ` փորձելով մեղքը ձգել Անդրանիկ Մարգարեանի կառավարութեան եւ իմ վրաս, ուրեմն ատիկա բարոյականութեան քայքայում է: Հաւանաբար, գործ ունինք բանականութեան եւ բարոյական քայքայումի լիարժէք համադրութեան հետ: Ամէն պարագայի, թերարժէք վարչապետի անթոյլատրելիութիւնը ճոխութիւն է երկրին համար», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Վարչապետ Սարգսեան Կը Պատասխանէ

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ պատասխանեց Հայաստանի երկրորդ նախագահին իր հասցէին կատարած խիստ քննադատութեան` խոստանալով առանձին վերլուծութեամբ անդրադառնալ անոր:

Վարչապետը շնորհաւորեց Ռոպերթ Քոչարեանը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` ըսելով, որ այդ տօները մեծ խորհուրդ կը պարունակեն: Ան ըսաւ, որ պէտք է Նոր տարին մուտք գործել վերանորոգուած, ներելով եւ ներողամտութիւն յայտնելով, իրարու յղելով մաղթանքներ եւ սէր: Վարչապետը Քոչարեանին նաեւ մաղթեց անսահման բարութիւն, կամեցողութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ սէր:

«Իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարմանս ժամանակահատուածին մէջ ես երկու անգամ առիթ ունեցած եմ անդրադառնալու պարոն Քոչարեանի հարցադրումներուն: Առաջին անգամ, երբ իմ հարցազրոյցներէս մէկուն մէջ նշեցի, որ Քոչարեան ազգային հերոս է եւ անոր անունը պէտք է ոսկիէ տառերով գրուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Երկրորդ անգամ համաձայնած եմ անոր քննադատութեան հետ եւ նշած, որ այսօրուան իշխանութիւնը եղած է Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքական խումբը եւ յենարանը: Կրնանք նաեւ աւելցնել, որ Սերժ Սարգսեանի ջանքերով բիւրեղացած մեր խումբը պատասխանատուութիւն կը զգայ նաեւ երկրորդ նախագահի պաշտօնավարման տարիներուն ըրածին եւ չըրածին համար», նշեց վարչապետը:

«Չափազանց ուրախ եմ, որ իմ համեստ անձիս տարեվերջեան` շուրջ չորս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսը արժանացած է պարոն Քոչարեանի ուշադրութեան: Աւելի եւս, որ իմ խորին համոզումովս շատ աւելի կարեւոր իրադարձութիւններ կրնային արժանանալ անոր ուշադրութեան եւ գնահատականներուն, օրինակ` նախագահական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու դիմումը, պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրումը եւ այլն: Ինչ կը վերաբերի մասնագիտական գնահատականներուն` որոնց շարքին գրաւադրութեան ծաւալներուն եւ շինարարութեան մարզին, ապա անոնց անգամ մը եւս կ՛անդրադառնամ առանձին վերլուծութեամբ», իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրեց վարչապետ Սարգսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES