Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Նոր տարուան գալուստով նոր յոյսերով դիմաւորեցէք ձեր ծրագիրները, առանց թերահաւատութեան: Մնացէք լաւատես եւ պիտի տեսնէք, թէ կեանքը հաճելի է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ծրագրած նոր աշխատանքները պիտի ընթանան յաջողութեամբ` շնորհիւ ձեր որդեգրած նոր ձեւերու եւ գիտութեան նոր տուեալներու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յոռետեսութիւնը թօթափեցէք ձեր ներաշխարհէն, որովհետեւ պատճառ մը չունիք ամէն ինչ ժխտական տրամադրութեամբ ընկալելու: Լաւ վիճակի մէջ կը գտնուիք, հետեւաբար անխառն զգացումով վայելեցէք Նոր տարին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ունեցած պարբերական տրտմութիւնը պիտի փարատի ամբողջովին, որովհետեւ պիտի ունենաք յաջողութեամբ յորդուն Նոր տարի մը` լաւագոյնին առաջնորդելով ձեր քայլերը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եղած էք ողորմած եւ գթասիրտ լքեալ անձերու նկատմամբ: Ձեր տուածին փոխարէն պիտի ստանաք առաւելագոյն առատութեամբ: Ա՛յս է կամքը նախախնամութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ակնկալութիւններ ունիք Նոր տարիէն, որ յուսախաբ պիտի չընէ ձեզ: Շնորհիւ ձեր հետեւողական կամքին եւ աշխատանքին, պիտի հասնիք ձեր նպատակին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գոհունակութիւնը յաջողելու առաջին քայլն է: Լաւագոյնին ձգտելու պարագային կը կորսնցնէք լաւը: Ներկայիս լաւ է ձեր վիճակը, փառք տուէք Աստուծոյ: Ան պիտի լսէ ձեր խնդրանքները:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երէկը անցաւ, նայեցէք նորին, նորոգուելու: Եթէ ունեցած էք սխալ որոշումներ, սրբագրեցէք: Նոր օրերը կը պահանջեն նոր մտածումներ եւ յոյսեր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժգոհութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ: Գոհացէք Կաղանդ պապային ձեզի շնորհած բարիքներով: Ձեր կարգին եղէք բարեացակամ եւ սիրալիր բոլորին հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեկան հանդարտութեամբ շարունակեցէք ձեր աշխատանքը նոր օրերու նոր յոյսերով: Ապաւինեցէք ձեր կարողութիւններուն եւ ուրիշ ոչինչ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ապրեցաք յաջող տարի մը, պիտի շարունակուի այս ընթացքը: Ապաւինեցէք ձեր ներքին զգացողութեան եւ արդար մտադրութեան: Ամէն ինչ լաւ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)»
Իրագործելի ծրագիրներ ունիք Նոր տարուան ընթացքին: Մնացէք հանդարտ, մի՛ աճապարէք, որպէսզի շփոթի չմատնուիք: Կեանքը պիտի ժպտի ձեզի:

Share this Article
CATEGORIES