50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1964)

Սիսեցի Երիտասարդներու Միութեան
Հիմնարկէքի Հանդիսութիւնը

Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ Սիսեցի երիտասարդներու միութեան սեփական տան հիմնարկէքի հանդիսութիւնը` հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Միութեան ատենապետ Սարգիս Տէմիրճեան` տալով ծանօթութիւններ վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին, ու շեշտելով. «Հաստատութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ բերել իր պատուաբեր բաժինը հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին ծառայելու համահայկական ճիգին»:

Արարողութեան նախագահեց եւ Միութեան տան առաջին քարը օրհնեց Գարեգին Ծ. վարդապետ Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Եզնիկ վարդապետ Բալայեանի, Եփրեմ աբեղայ Թապագեանի եւ Յովհաննէս քահանայ Պօղոսեանի:

Խօսելով մշակութային հաստատութեան մը իմաստին, կարեւորութեան եւ կատարելիք դերին շուրջ, Գարեգին Ծ. վարդապետ Սարգիսեան ըսաւ. «Քսաներորդ այս դարուն կը կառուցուին աւելի մեծ թիւով մեղքի տուներ, քան իմացական, բարենպատակ եւ ազգօգուտ հաստատութիւններ: Մեր եկեղեցիներէն ետք մեր մշակութային տուներն են, որ կը պահեն մեր ազգային ազնիւ նկարագիրը: Մենք խորապէս կը հրճուինք նման երեւոյթներու առջեւ: Կը շնորհաւորենք Սիսեցի երիտասարդներու միութիւնը եւ կը մաղթենք կատարեալ յաջողութիւն»:

Տեղւոյն վրայ կատարուած հիւրասիրութենէն ետք, Նոր Սիսի երեւելի ազգայիններէն Հայկ Նուրեան հրաւիրեց իր բնակարանը շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ թաղին յայտնի անձնաւորութիւնները: Հոն եւս կատարուող հիւրասիրութեան ընթացքին տեղի ունեցան խօսակցութիւններ կատարուելիք աշխատանքներուն շուրջ ու եղան բարեմաղթութիւններ օգտաշատ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար:

Ուրախութեամբ պէտք է յիշատակել հոս, որ ճարտարապետ Յարութիւն Մարգարեան անձնուիրաբար եւ մեծ սիրով պատրաստած է յատակագիծը սրահին, առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան: Յարգելի ճարտարապետը եւ Հայկ Նուրեան միասնաբար պիտի տանին շինութեան աշխատանքները:

Ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, ԼՕԽ-ի Նոր Սիսի վարչութիւնը 200 լ. ոսկի նուիրեց սրահի շինութեան ֆոնտին: Գրիգոր Հայկ Նուրեան նոյն նպատակին նախապէս կատարած նուիրատուութիւններէն զատ, նուիրեց 200 լ. ոսկի եւս, մեծապէս քաջալերելով երիտասարդական այս գեղեցիկ շարժումը: Նոյն առթիւ եւ նոյն նպատակին 50 լ. ոսկի նուիրեց Յարութիւն Կրակեան եւ 25 լ. ոսկի Միքայէլ Պալեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Հայկազեան Վարժարանի
Ամանորի Հանդէսը

Մուսէյթպէյի Հայկազեան վարժարանի Ամանորի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարժարանի սրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանահայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ  արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ Յարութիւն Պէօյիւքեանի:

Առաւելաբար ծնողներ լեցուցած էին սրահը:

Բեմը զարդարուած էր լիբանանեան ազգային դրօշակով եւ Հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապի մեծադիր նկարով:

Վարժարանի տնօրէն Յակոբ Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք, յոտնկայս ունկնդրուեցաւ աշակերտութեան կողմէ խմբերգուած Լիբանանի ազգային քայլերգը:

Երեք փոքրիկներ յաջորդաբար ծաղկեփունջ նուիրեցին սրբազան հօր, Յարութիւն Պէօյիւքեանին եւ տիկին Պէօյիւքեանին:

Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը:

Տեղի ունեցան հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով արտասանութիւններ, խմբերգներ, խմբական պարեր եւ զաւեշտներ:

Ներկաները գոհ մնացին յայտագրի անթերի գործադրութենէն եւ փոքրիկներու ստեղծած զուարթ մթնոլորտէն:

Ամերիկեան ձեւով աճուրդի դրուեցաւ Սայաթ Նովայի մէկ գեղեցիկ նկարը: Գինը բարձրացաւ մինչեւ 400 լ. ոսկիի: Ի վերջոյ, նկարին տիրացան տէր եւ տիկին տոքթ. Սեդրակ Տավուտլարեան:

ԼՕԽ-ի Մուսէյթպէյի մասնաճիւղին կողմէ Կաղանդի նուէրներ բաժնուեցան փոքրիկներուն:

Փակման խօսքը ըրաւ սրբազան հայրը: Գնահատեց կատարուած աշխատանքը, օրհնեց ու յաջողութիւն մաղթեց:

Իսկապէս գնահատանքի արժանի գործ է, հեռաւոր այս թաղին մէջ եկեղեցի եւ դպրոց պահել:

Ջամբուած հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան կողքին, նկատելի էր մանաւանդ արաբերէն լեզուի ուսուցման տրուած կարեւորութիւնը: Աշակերտները` արտասանող թէ արաբերէն լեզուով ներկայացուած զաւեշտին մասնակցող` լաւապէս կը տիրապետէին լեզուին:

Իբրեւ գնահատանք կատարուած աշխատանքին, օրուան նախագահ Յարութիւն Պէօյիւքեան 300 լ. ոսկի նուիրեց դպրոցին:

Հանդէսէն ետք, ի պատիւ սրբազան հօր եւ նախագահին, թաղականութեան ատենապետ Ադամ Կէմիճեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մէջ եղան յաջողութեան փոխադարձ մաղթանքներ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES