Նամականի «Ազդակ»-ին. ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 33 Տարի Եւ Անդին

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

Ուրախութեամբ ստացայ ՀՄԸՄ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 2013 տարուան վերջին թիւը- 9(375):

Գիտնալով, որ մօտ օրէն «Մարզիկ»-ը, տպագիր իր ներկայ դրութեան կողքին, մեր հասարարակութեան մատչելի պիտի դառնայ նաեւ նոր կայքով, փորձեցի ձերբազատել իմ ենթակայական զգացումներս եւ վայրկեանուան մը համար «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը թղթատել որպէս «օտար», ոչ յանձնառու կամ շահագրգիռ ՀՄԸՄ-ական: Նաեւ ուզեցի բաղդատել ներկայի թիւը սկզբնական օրերու թիւերուն հետ:

Իր քառասուն էջերով «Մարզիկ»-ը գտայ գրաւիչ, գեղեցիկ եւ քաշողական կողքով, մաքուր եւ հաղորդական նկարներով եւ հեզասահ ու պարզ ձեւաւորումով: Բովանդակութիւնը ճոխ եւ դիւրամատչելի է: Յստակ է, թէ «Մարզիկ»-ը ՀՄԸՄ-ի հայելին է եւ անոր համագաղութային կառոյց ըլլալուն ապացոյցը: Իր Խմբագրական էջով անիկա գաղափարախօսութիւն եւ ՀՄԸՄ-ական արժէքները կը սփռէ: «Անդրադարձ» եւ «Դէմքերու հետ» բաժիններով, ՀՄԸՄ-ի կեանքին մէջ ներդրում ունեցած անհատներու ընդմէջէն, նոր ՀՄԸՄ-ական անդամներու եւ հայ հասարակութեան պատմական կարեւոր իրողութիւններ կը փոխանցէ: Եւ մանաւանդ «Մասնաճիւղէ մասնաճիւղ» խորագիրին տակ զանազան գաղութներու, շրջաններու եւ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, հիմնական աշխատանքները եւ յաջողութիւնները լուսարձակի տակ կ՛առնէ:

Երեսուներեք տարիներու ընթացքին չեմ նկատած որեւէ բարոյական, գաղափարական կամ դաստիարակչական նահանջ: Ընդհակառակը, կը նկատեմ, թէ խմբագիր Վիգէն Աւագեանն ու խմբագրական կազմը կարողացած են «Մարզիկ»-ի նպատակակէտը պահել այն, ինչն որ 1980-ին, երբ նախատեսուած էր, ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը արտայայտելով, ազգային առողջ նկարագիր եւ միութեան աւանդութիւնները սփռել: Յատկանշականը այն է, թէ տարիներու ընթացքին «Մարզիկ» դարձած է ընթերցողին աւելի մատչելի եւ պատանի-երիտասարդներու ճաշակին առաւել հաղորդակից: Գաղափարախօսութեան ջահակիր ըլլալու կողքին անիկա առիթ կ՛ընծայէ կարիքներու փոխանակման: Նոյնպէս հրատարակութեան որակը հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած է, թէ՛ էջադրումը, եւ թէ՛ գրաշարական ձեւաւորումները աւելի պարզ եւ հաղորդական դարձած են: Թուղթի եւ գոյներու որակը եւ մանաւանդ նկարներու ճոխութիւնը ՄԱՐԶԻԿ-ը շատ աւելի գրաւիչ դարձուցած են, աւելի համընթաց  պատանի-երիտասարդներու ճաշակին:

Ուրախ եմ «Մարզիկ»-ի երեսուն երեք (33) տարիներու ձգած ժառանգութեամբ: Կը գնահատեմ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրն ու խմբագրական ու վարչական կազմերը իրենց գնահատելի աշխատանքին համար: Խանդավառ եմ անմիջական ապագայով, 2014 թուին, ամսաթերթի կողքին շուտով տեսնելու այժմէական տուալներով օժտուած «Մարզիկ»-ի կայքէջը www.marzig.net.

ԼՈՍ ԿԱԹՈՍ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 25, 2013

Share this Article
CATEGORIES