Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորեան Տօնակատարութիւնները


Ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան տօները առիթ եղած են օգնութեան ձեռք երկարելու նիւթապէս դժուար կացութեան մէջ գտնուողներուն: Այս նպատակէն մեկնելով` Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տարբեր կարգերու աշակերտներ նախաձեռնեցին զանազան բարեսիրական քայլերու` օգտակար դառնալու համար կարիքաւոր անձերու կամ ընտանիքներու:
Առ այդ, 8-րդ դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին վաճառքի օր մը եւ անոր հասոյթը յատկացուցին թերաճ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին: 11-րդ դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին կարկանդակի վաճառքի օր մը եւ անոր եկամուտը տրամադրեցին` «Էլ. Պի. Սի.»-ին` աջակցելու համար հեռատեսիլի կայանի նախաձեռնած կարօտեալ երեխաներու նուէրներ ապահովելու ծրագիրին: 4-րդ դասարանի աշակերտները այցելեցին ՔԱՀԼ եւ ուրախացուցին հոն գտնուող մամիկներն ու պապիկները: Արուեստից բաժնի աշակերտները կազմակերպեցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն եկամուտը տրամադրեցին «Չիլտըրընզ քենսըր սենթըր»-ին: Մանկապարտէզի աշակերտները օժանդակութեան տուփեր պատրաստեցին եւ զանոնք յատկացուցին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի` կարօտեալ անձերու օժանդակելու ծրագիրին: Իսկ 12-րդ դասարանի աշակերտները եւս օժանդակութեան տուփեր պատրաստեցին եւ զանոնք նուիրեցին 25 կարօտեալ ընտանիքներու:
Միւս կողմէ, Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով դպրոցին մէջ կատարուած տօնակատարութիւնները իւրայատուկ կ՛ըլլան մանաւանդ մանուկներուն համար: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ կու գան դպրոց, կը հագնին իրենց նոր ու նախասիրած հագուստները եւ անհամբեր կը սպասեն Կաղանդ պապուկին բերելիք նուէրներուն:
Արդարեւ, երկուշաբթի, 23 դեկտեմբերին, աշակերտները սովորական ժամուն եկան դպրոց տօնակատարութեան համար: Առաւօտուն անոնք մասնակցեցան Ս. պատարագին, զոր համապատարագեցին Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան: Ապա վարժարանիս երգչախումբը Ս. Ծննդեան երգերու շարան մը հրամցուց աշակերտներուն:
Այնուհետեւ, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները, ուր իրենց դասընկերներուն հետ ճաշակեցին իրենց բերած ուտելիքները, դպրոցին շրջափակին մէջ հնչող երգերու եւ երաժշտութեան կշռոյթներուն տակ պարեցին, երգեցին ու զուարճացան: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին բոլորը ուղղուեցան սրահ, ուր «Հնուտ Խմբակ»-ը աշակերտներուն ներկայացուց շատ գեղեցիկ եւ ճոխ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգեր, պարեր, խաղեր եւ բազմաթիւ անակնկալներ, իսկ Կաղանդ պապուկը դիմաւորեցին փուչիկին մէջ: Յայտագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ վարժարանիս պարախումբի փոքրերու խմբակը:
Այս շատ գեղեցիկ կերպով բեմականացուած յայտագիրը իսկապէս շատ հաճելի էր դիտել, մանաւանդ երբ փոքրիկները ուրախութեամբ կը հաղորդակցէին ու կը պարէին անոնց հետ, եւ կը ստանային իրենց նուէրները: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ այս տօնական մթնոլորտը գոհ եւ զուարթ պահեց վարժարանիս բոլոր աշակերտները եւ անձնակազմը անխտիր, որոնք տուն վերադարձան եւ արձակուրդի մեկնեցան խանդավառութեամբ եւ ուրախ սրտով:

