Նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներ Կը Պատրաստուին Քոլեճի 50-ամեակի Տօնակատարութիւններուն
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 50-ամեակի տօնակատարութիւններու պատրաստութեան ծիրին մէջ, դեկտեմբերին տեղի ունեցան նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներու երեք հանդիպումներ, որոնք յաջորդաբար համախմբեցին քոլեճին 1968-1985, 1986-2000 եւ 2001-2013 տարիներու 150 շրջանաւարտներ:
Հանդիպումներուն ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան 50-ամեակի առիթով քոլեճին վաստակաւոր ուսուցիչներուն սրտի խօսքերը` ուղղուած իրենց երբեմնի աշակերտներուն: Իր կարգին, տնօրէնութիւնը շրջանաւարտներուն փոխանցեց 50-ամեակի ծրագիրները (յուշամատեանի եւ տեսերիզներու պատրաստութիւն, գեղարուեստական երեկոյ, յոբելենական ճաշկերոյթ): Նշուեցաւ, որ յաջորդ հանդիպումը 6 մարտ 2014-ին, ուսուցչաց օրուան առիթով պիտի համախմբէ քոլեճին բոլոր շրջանաւարտները եւ անցեալի ուսուցիչները յիշատակելի հանդիպումի մը ընթացքին:
Հանդիպումներու աւարտին, հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ բոլորուած շրջանաւարտները աշակերտական օրերու տպաւորութիւններ փոխանցեցին եւ անցեալի քաղցր յիշատակներ վկայակոչեցին:

