ՃԱՏՐԱԿ. ԼԻԼԻԹ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՑԱՒ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ

Լիլիթ Մկրտչեան (ձախին)

Հունգարիոյ Փաքս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ճիորճի Մարքսի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի վարպետ Լիլիթ Մկրտչեան, 4-րդ հանգրուանին յաղթելէ ետք իր մրցակիցին` Էսթեր Տուտաշին, ապահովեց իր երրորդ կէտը` առաւելագոյն չորս կէտէն:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Մկրտչեան այժմ կը գերազանցէ Ալինա Քաշլինսքայան (Ռուսիա), որ այս հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աննա Շարեւիչի հետ:

5-րդ հանգրուանին Մկրտչեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի ռուս Ալինայի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES