ՍՊԱՆԱՑԻ ՊԵՆԻԹԵՍ ՄԻԱՑԱՒ ՄԻՔԱ ԵՐԵՒԱՆԻ

Ատայ Պենիթես

Միքա Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ սպանացի 20 տարեկան յառաջապահ Ատայ Պենիթես միացաւ ակումբին` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք իր նոր կազմին հետ:

Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պենիթես, որ արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր հայկական ակումբին հետ, կը նկատուի փայլուն ապագայ խոստացող մարզիկ մը:

Ինչ կը վերաբերի Յովհաննէս Գոհարեանի, կը կարծուի, որ այսօր կամ վաղը, անոր գծով եւս յստակացում մը պիտի կատարուի` նկատի ունենալով, որ ան երէկ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու:

 

Share this Article
CATEGORIES