Տօնական Մթնոլորտ` Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող օրերուն ընթացքին Դամասկոսի մէջ միութիւնները փորձեցին ըստ կարելւոյն իրենց անդամները տօնական մթնոլորտի մէջ պահել:
Այս առումով կիրակի, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդը կազմակերպեց Կաղանդի խրախճանք «Ա. Ահարոնեան» ակումբին մէջ, ուր հաւաքուած անդամները զուարճացան խաղերով եւ Կաղանդի առիթով բաժնուած նուէրներով:
Նոյնպէս, ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդական պարանցիկ երեկոյ, որուն մասնակցած երիտասարդները ամանորեան տօնական հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին:
Իսկ 27 դեկտեմբերին «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ՍՕ խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Կաղանդի ձեռնարկը` մասնակցութեամբ 30 անդամներու եւ աւելի քան տասնհինգ փոքրիկներու:
Վարչութեան ատենապետ Սոնա Քիւրտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` նշելով, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուար պայմաններուն, անգամ մը եւս կրցանք միասնաբար ու համատեղ հաւաքուիլ եւ իրագործել աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը, որպէսզի զգանք Կաղանդի ու Ս. Ծնունդի ջերմութիւնը մեր սրտերուն մէջ: Իր կարգին, դաստիարակչական յանձնախումբէն Ռուբիկ Ուրֆալեան ներկայացուց Կաղանդի խորհուրդը եւ տարբեր երկիրներու մէջ Կաղանդի սովորութիւնները:
Այնուհետեւ կաղանդ պապային այցելութիւնը ուրախութիւն պատճառեց ներկաներուն, մանաւանդ փոքրիկներուն, որոնք ապրեցան ուրախ եւ հաճելի պահ մը: Ձեռնարկը վերջ գտաւ Նոր տարուան խաղաղութեան եւ բարօրութեան բարեմաղթութիւններով:

