Ակնարկ. Յուշակոթողի Կառուցման Հետաքրքրական Ծրագիր Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բնակեցման գործակալութիւնը (ԹՈՔԻ) Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Կարս նահանգին մէջ տեղի ունեցած Սարըղամիշի ճակատամարտին ընթացքին զոհուած օսմանցի զինուորներուն յիշատակին պիտի կառուցէ 99 մեթր բարձրութեամբ յուշակոթող մը: Ճակատամարտի 100-ամեակին առիթով կառուցուելիք յուշակոթողին վրայ պիտի զետեղուի 43 մեթր բարձրութեամբ ձող մը, որուն վրայ պիտի ծածանի 96 քառակուսի մեթր չափով թրքական դրօշ մը: Կարսի Քազըմ Փաշա բլուրին վրայ կառուցուելիք յուշահամալիրը պիտի ներառէ արարողութեան վայր մը եւ ճակատամարտը ներկայացնող թանգարան մը:

Այդ յուշակոթողի կառուցումը առիթ մը պէտք է ըլլայ թրքական հասարակութեան եւ իշխանութեանց յիշեցնելու, որ 22 դեկտեմբեր 1914-ին ընթացք առած եւ 5 յունուար 1915-ին թրքական կողմին ջախջախիչ պարտութեամբ աւարտած ճակատամարտին ընթացքին օսմանեան բանակէն արձանագրուած շուրջ 90 հազար զոհերուն շարքին էին նաեւ հայեր, որոնց քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը գոված է նոյնինքն ճակատամարտին մասնակից թրքական ուժերու հրամանատար, պաշտպանութեան նախարար Էնվեր փաշա:

Փետրուար 1915-ին ան Քոնիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին ուղղուած նամակի մը մէջ գրած է. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ այս առիթը կ՛օգտագործեմ ձեզի յայտնելու, որ օսմանեան բանակի հայ զինուորները պատերազմի դաշտին վրայ իրենց պարտաւորութիւնները խղճմտութեամբ կը կատարեն, ինչպէս անձնական փորձառութեամբս կը վկայեմ: Կ՛ուզեմ, որ կայսերական օսմանեան կառավարութեան նկատմամբ իր ամբողջական հաւատարմութեամբ ծանօթ հայ ազգին փոխանցէք գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան հաւաստիքս»: Էնվեր փաշա Պոլիս վերադառնալէ ետք, Զաւէն Տէր Եղիայեան պատրիարքին հետ հանդիպումի մը ընթացքին անոր արտօնութիւն տուած էր հայ զինուորներու հաւատարմութեան եւ քաջութեան մասին վկայող իր նամակները հրապարակելու եւ նշած, որ եթէ Յովհաննէս անունով հայ ենթասպայի մը առանց արտօնութեան կատարած խուսանաւումը չըլլար, ապա զինք գերի տարած պիտի ըլլային, ուստի այդ քաջարի արարքին համար  տեղւոյն վրայ հարիւրապետի աստիճանի բարձրացուցած է հայազգի ենթասպան:

ՀՅԴ-ն իր կարգին 17 օգոստոս 1913-ին Էրզրումի մէջ գումարած 7-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին որդեգրած էր որոշում մը, ըստ որուն, «պատերազմի պարագային ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը իր պետութեան նկատմամբ». այսինքն` Ռուսական կայսրութեան մէջ բնակողը Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակողը` Թուրքիոյ նկատմամբ: Կուսակցութիւնը մէկ տարի ետք` յուլիս 1914-ին դարձեալ Էրզրումի մէջ գումարուած իր 8-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին վերահաստատած էր այդ որոշումը` նշելով. «Իւրաքանչիւրը պարտաւոր է կատարել իր քաղաքացիական պարտքը պետութեան նկատմամբ»:

Վերոնշեալները կը ջրեն հայերու դաւաճանութեան մասին թրքական պետութեան սին վարկածները: Ահա թէ ինչու ծրագրուած յուշակոթողը նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ օսմանեան բանակի անդամ հայ զինուորներուն, որոնք իրենց պետութեան նկատմամբ քաղաքացիական պարտականութիւնը լիուլի կատարեցին եւ հետագային ոչ միայն դաւաճան կոչուեցան (եւ կը շարունակուին կոչուիլ), այլեւ ճակատամարտէն վերապրողներն ու հայ զինուորներու ընտանիքները իրենց հաւատարմութեան համար ցեղասպանութեան արարքով փոխհատուցուեցան:

Եթէ թրքական պետութիւնը Սարըղամիշի ճակատամարտին զոհուած զինուորները նահատակներ կը նկատէ, ապա նահատակներ են նաեւ հայ զինուորները եւ այդ յուշակոթողը այցելող իւրաքանչիւր թուրք պաշտօնատար կամ քաղաքացի ինքնաբերաբար իր գլուխը խոնարհեցուցած պիտի ըլլայ նաեւ անոնց յիշատակին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES