«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Ընդհանուր Տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան Այցելեց «Ազդակ»
Հայաստանի Յառաջատար ընկերութեան` «Վիվասել էմ. Թի. Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան երէկ առաւօտ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցութիւն ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ:
Եիրիկեան ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի ընթացիկ տարուան հիմնական իրագործումներու մանրամասնութիւններուն: Իր կարգին, ան խօսեցաւ իր գլխաւորած ընկերութեան բերած օգտաշատ ու կարեւոր նպաստին մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն կապի ոլորտին, այլ նաեւ քաղաքացիական բազմապիսի ծառայութիւններուն վերաբերեալ:
«Վիվասել-Էմ. Թէ. Էս.»-ի իրականացուցած ծրագիրներուն եւ կատարուելիք աշխատանքներուն հիմնական ուղղութիւններուն մասին Ռալֆ Եիրիկեան սիրով պատասխանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի հարցումներուն: Հարցազրոյցի տեսանիւթը շուտով կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:
Յիշենք, որ «Ազդակ»-ի կայքէջին գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ. Թէ. Էս.»-ը:

