Արամ Ա. Կաթողիկոս` Համալսարանականներուն Ու Համալսարանաւարտներուն Հետ

HEHOMՆոր տարուան առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս ընկերային ծառայութեան կեդրոններ կատարած իր այցելութիւններուն շարքին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Համալսարանաւարտներու միութեան ձեռնարկներուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց:

Աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը ընթրիքի հրաւիրեց ՀԵՀՈՄ-ի անդամները կաթողիկոսարանին մէջ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀԵՀՈՄ-ի հին եւ նոր հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբերը` Ղեւոնդ վրդ. Բէնդէզեան եւ Նշան աբղյ. Լախոյեան: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւնը, կոչ ուղղեց համալսարանականներուն մասնակից դառնալու միութեան աշխատանքներուն եւ Նոր տարուան առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընթրիքի հրաւիրեց Համալսարանաւարտներու միութեան անդամները: Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց հետզհետէ ծաւալող Համալսարանաւարտներու միութիւնը` յիշեցնելով, որ նաեւ միւս գաղութներուն մէջ ապրող համալսարանաւարտները պէտք է մասնակից դառնան յիշեալ միութեան` անոր տալով համասփիւռքեան տարողութիւն: Վեհափառ հայրապետը Նոր տարուան սեմին իր օրհնութիւնն ու մաղթանքը փոխանցեց բոլոր համալսարանաւարտներուն, ներկայ թէ բացակայ, շեշտելով անոնց գործօն մասնակցութեան կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին:

Share this Article
CATEGORIES