Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Սննդամթերք Կը Տրամադրէ 600 Կարիքաւոր Ընտանիքի

hamoudhamoud1Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով ուզեց տօնական խանդավառութիւնն ու մթնոլորտը փոխանցել Պուրճ Համուտի բնակիչներուն: Այս ծիրին մէջ 31 դեկտեմբերի կէսօրին քաղաքապետութեան ոստիկանները այցելեցին տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող պուրճհամուտաբնակ ընտանիքներուն եւ սնտուկներով սննդամթերք տրամադրեցին 600 ընտանիքներու` նպատակ ունենալով առիթ տալ անոնց աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դիմագրաւելու Նոր տարին:

Նշենք նաեւ, որ քաղաքապետութեան Կաղանդ պապան 31 դեկտեմբերին եւս թափառեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ եւ նուէրներ բաժնեց անցորդ փոքրիկներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES