Մաժետ Մաժետ Կը Ձերբակալուի

Մաժետ Մաժետ

Մաժետ Մաժետ

Քայիտայի մէկ թեւը նկատուող Ապտալլա Ազզամի փաղանգներու պատասխանատու Մաժետ Մաժետի ձերբակալումին մասին լուրերը շրջանառութեան մէջ դրուեցան 1 յունուար 2014-ին, սակայն այս մասին լիբանանեան պետութիւնը ցարդ ոչինչ յայտարարեց:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Թեհրան լիբանանեան իշխանութիւններուն ներկայացուցած է խնդրագիր մը Մաժետը հարցաքննելու առումով`  նկատի ունենալով, որ ան ծրագրած է Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումները:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները դեսպանատունը տեղեակ պահած են, թէ իրենք գրեթէ վստահ են, որ կրցած են ձերբակալել Մաժետ Մաժետը, որ սէուտցի մըն է:

Ասիրի շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլայ Մաժետի ինքնութիւնը, ան ահաբեկիչ մըն է, որ նախքան իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած է Սէուտական Արաբիան:

Share this Article
CATEGORIES