Վ. Սապունճեան Ընդունեց Ճարտարարուեստի Մարզի Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Սապունճեան` ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն հետ հանդիպման ընթացքին
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ եւ միութեան վարչութեան այլ անդամներ, որոնց շարքին` Նազարէթ Սապունճեան:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախարար Սապունճեանը` մաղթելով, որ նախարարութեան եւ միութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը 2014-ին եւս հեզասահ շարունակուի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձաւ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզը` իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ արդիւնաբերութեան մարզը բազմաթիւ խոչընդոտներէ փրկելու քայլերուն անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին մասնակցող պատասխանատուները շեշտեցին ճարտարարուեստի հաստատութիւնները տնօրինելու եւ զանոնք ռազմավարական կերպով ու ամէնօրեայ դրութեամբ բանեցնելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծեցին անմիջական հարցերուն պարագային իմաստուն լուծումներու դիմելու անհրաժեշտութիւնը:

