Հարաւային Արուարձանները Դարձեալ Պայթումի Թիրախ Դարձան
2014-ը հրավառութեամբ եւ ուրախութեան կրակոցներով դիմաւորած լիբանանցիները երէկ դէմ յանդիման գտնուեցան ուժգին պայթումի մը, որ բնաւ ուրախութեան առիթ չէր, այլ` ցնցիչ պահ մը, որուն ընթացքին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն ապահովութիւնը թիրախ կը դառնար:
Երէկ յետմիջօրէին Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հըրէյք շրջանը թիրախ դարձաւ ուժգին պայթումի մը, որ պատճառեց չորս զոհ եւ 74 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Վիրաւորներն ու զոհերը փոխադրուեցան «Պահման» եւ «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցները:
Պայթումը պատահեցաւ «Ժաուատ» ճաշարանին եւ «Քազմա» շէնքին կից: «Քազմա» շէնքը 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք վերանորոգուած առաջին շէնքն է:
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, սկզբնական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ պայթած ինքնաշարժը կը կրէր 20 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ պայթումի ենթարկուած ինքնաշարժը մութ կանաչ «Կրանտ Շերոքքի» տիպի է, 1993-ի արտադրութիւն եւ կը կրէ 341580/Ժ թիւը:
Պայթումին առաջին վայրկեաններէն իսկ Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին պատասխանատու անձնաւորութիւն մը թիրախ դարձնելու հաւանականութիւնը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը հարուածած է քաղաքայիններով բնակուած խաղաղ շրջան մը:
Դէպքին վայրը փութացին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին շրջանը եւ քաղաքացիներէն պահանջեցին ուղղուիլ իրենց բնակարանները:
Ապահովութեան ուժերը դէպքին շուրջ բացին հետաքննութիւն, որուն շրջագիծին մէջ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր իր ցուցմունքները տուաւ Ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքի անդամներուն ուղղուելու դէպքին վայրը եւ կատարելու իրենց աշխատանքը` բացայայտելու համար պայթումին մանրամասնութիւնները:
Դէպքին վայրը ժամանեց նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող այս հարուածները ուժգին են` աւելցնելով, որ նման լուրջ իրականութիւններու դիմաց կարելի չէ անհիմն ամբաստանութիւններ կատարել եւ գործուած ահաբեկչական այս արարքին պատասխանատուութիւնը այս կամ այն կողմին վստահիլ:
«Մեր պայքարը պէտք է ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ, որ մէկը միւսէն չի զանազաներ, թիրախ կը դարձնէ բոլոր շրջաններն ու բոլոր համայնքները` հիմնական նպատակ ունենալով համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել», ըսաւ Ալի Խալիլ:
Ան կոչ ուղղեց ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ Հարաւային արուարձաններուն ապահովութիւնը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Ան շեշտեց, որ այդ պայթումին հիմնական թիրախը Լիբանանի ապահովութիւնն է` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան կարելի է դէմ դնել միայն լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ:
Ֆատլալլա ըսաւ, որ իրենք պիտի սպասեն լիբանանեան պետութեան կատարելիք հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ պայթումին համար օգտագործուած ինքնաշարժը գողցուած է` աւելցնելով, որ նախնական տուեալներուն համաձայն, գործուած պայթումը կարելի է անձնասպանական գործողութիւն նկատել:
Ան շեշտեց, որ այս պայթումին հիմնական նպատակը քանդումն է:
Աւելի ուշ, ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ պայթումը անձնասպանական գործողութիւն է` նկատի ունենալով, որ պայթումին ճնշումէն գործողութիւնը կատարողին մարմինը բզկտուած էր. անձնասպանական գործողութեան հեղինակին գլուխը մնացած էր ինքնաշարժին մէջ, իսկ բեկորները հասած էին մինչեւ շրջակայ շէնքերուն պատշգամները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ Հարեթ Հըրէյքը հարուածող ահաբեկչութիւնը նոյն արարքն է, որ կը հարուածէ լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ մահ ու ոճիր կը տարածէ ամէնուրեք:
Նախագահ Սլէյման ապահովական մարմիններու պատասխանատուներուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ անոնցմէ պահանջեց բացայայտել դէպքին պատասխանատուներն ու զանոնք դատավարութեան ենթարկել:
Նախագահ Սլէյման ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումը մաս կը կազմէ Լիբանանը թիրախ դարձնող ահաբեկչութեան տեսաշարին: «Մենք նախապէս զգուշացուցած էինք, որ նման արարքները բոլոր շրջաններուն մէջ պիտի արձանագրուին` սարսափեցնելու համար քաղաքացիները», ըսաւ ան:
Պըրրի աւելցուց, որ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահը սպաննող ձեռքերն են, որոնք նախապէս Թրիփոլին պայթեցուցած են, իսկ այսօր` Հարաւային արուարձանները:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու եւ իմաստուն կերպով վարուելու:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նշեց, որ ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ երկրին դէմ դաւադրութիւններ հիւսել` առանց լիբանանցիներուն միջեւ խտրութիւն դնելու:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց պայթումը` զայն նկատելով լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող օղակ մը: Ան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
«Ահաբեկչութիւնը որքան տարբեր ու բազմազան ըլլայ, միայն մէկ նպատակ կը հետապնդէ` ոճրագործութիւնը», ըսաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մերժեց ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` վերջ տալու համար միջլիբանանեան գրգռութիւններուն:
Սինիորա իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքին անունով դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նշեց, որ ահաբեկչական այս արարքները սերտուած կերպով կը կատարուին` երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու առումով:
Ան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն` անխոհեմ քայլերու չդիմելու եւ երկրին սահմանադրութեան էութիւնը չխախտելու:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ ոճրային այս արարքներուն եւ ծրագիրներուն կարելի է վերջ տալ լիբանանեան քաղաքական համաձայնութեամբ եւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեամբ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ պէտք է նուազագոյն երկխօսութիւնը կատարել եւ սուր ցեխարձակումներէ հրաժարիլ` կանխարգիլելու համար արիւնահեղութիւնը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է` աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի այնպիսի կառավարութեան մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը ներառէ:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք կառչած պիտի մնայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան եւ վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ լիբանանեան քաղաքական որոշ շերտեր դուրս պահող կառավարութեան մը:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը դարձեալ հարուածած է լիբանանեան այլ շրջան մը` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնն ու յաւելեալ միասնականութիւնը կրնայ արգիլել գրգռութիւնները: Ան շեշտեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն պայթումը` ընդգծելով, որ անիկա ահաբեկչական պատգամ մըն է, որուն գինը սուղ կը վճարէ Լիբանանը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումը եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնք Լիբանանը յաւելեալ աղէտներէ զերծ կը կացուցեն:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` շեշտելով, որ բոլոր պետութիւնները պէտք է պայքարին ահաբեկչութեան եւ անոր զօրակցող ու զայն ֆինանսաւորող երկիրներուն դէմ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` շեշտելով, որ նման ահաբեկչական արարքներ կը փորձեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պայթեցնել եւ շրջանին մէջ գրգռութիւններ հրահրել:
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի անմարդկային պայթումը` շեշտելով, որ պէտք է պատժել բոլոր անոնք, որոնք կը զօրակցին եւ կը մեղսակցին ահաբեկչութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուած պայթումը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւս դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` զայն նկատելով մտահոգիչ:

