Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Յենակէտերէն Մէկը

5114_bՀայաստանի նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանի հետ 31 դեկտեմբերին այցելեց հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան հատուածի սահմանագիծը պահող պաշտպանական տեղամասերէն մէկը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ նախագահը հանդիպում ունեցաւ մարտական դիրքերուն վրայ ծառայող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շրջապտոյտ կատարեց մարտական յենակէտի մը մէջ եւ ծանօթացաւ ծառայութեան կայացման, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:

Ծառայութեան ընթացքին իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ փայլած զինուորական ծառայողներու` խումբ մը սպաներու եւ զինուորներու նախագահը նուէրներ յանձնեց: Նախագահ Սերժ Սարժսեան տօնական սեղանին շուրջ զրուցեց զինուորներուն հետ, շնորհաւորեց հայոց բանակի բոլոր զինուորները տօներուն առիթով, յղեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար:

Ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր պետութեան, իւրաքանչիւր իշխանութեան առաջնային խնդիրը անվտանգութեան ապահովումն է ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ սահմանին վրայ կանգնած հայ զինուորները այդ խնդիրը լաւագոյնս կը կատարեն. նախորդ տարին անոնք յաջողեցան ապահով պահել մեր սահմանները եւ ապահովել մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը: «Ըսել է թէ` դուք մեր պետութեան յենասիւնն էք: Պետութիւնը ձեզմով կը սկսի, կը յենի ձեր վրայ եւ առաջ կը շարժի: Եւ ես շատ լաւ կը հասկնամ զինուորական գործի դժուարութիւնները, չարչարանքները, դժուարութիւնները, բայց ո՞ր աշխատանքին մէջ դժուարութիւն չկայ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ կարեւորը այն է, որ պետութեան մէջ իւրաքանչիւրը գիտակցի իր աշխատանքի կարեւորութեան, անկախ անկէ, որ ինչ աշխատանք կը կատարուի: «Ես կը տեսնեմ, որ դուք շատ լաւ կը գիտակցիք ձեր ըրածին կարեւորութեան եւ կ՛ուզեմ, որ մեր ամբողջ զինեալ ուժերը, մեր ժողովուրդը գիտակցի, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր բան է սահմանի հատուածի մը պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը: Ես շնորհակալ եմ ձեզի, շնորհակալ եմ ձեր ծնողներէն, ձեր ուսուցիչներէն, ձեր քոյրերէն, կիներէն, ձեր սիրած աղջիկներէն, որոնք կրնան եւ կրցած են ձեզ ոգեւորել եւ այնպէս ընել, որ մեր սահմանին վրայ դուք ամուր կանգնինք, կանգնիք տղամարդու պէս, հայ զինուորի պէս եւ այսպէս ուրախ, երջանիկ` թէեւ կտրուած հարազատ տունէն, Նոր տարուան շէմին երգէք, նուագէք, այսինքն` ապրիք լիարժէք կեանքով: Կ՛ուզեմ, որ դուք վստահ ըլլաք, թէ այս օրերը պիտի անցնին, շատերուն համար մնացած է 6 ամիս, 8 ամիս, 11 ամիս, եւ դուք պիտի վերադառնաք տուն ու միշտ հպարտ պիտի զգաք դուք ձեզ, հպարտ, որովհետեւ դուք պաշտպանած էք մեր փոքրիկ հայրենիքի անծայրածիր սահմանները, որովհետեւ ամէնէն փոքր երկիրն ալ ունի անծայրածիր սահմաններ: Դուք` որոշակիօրէն ձեր ջոկը, այստեղ կը պաշտպանէք ընդամէնը քանի մը հազար մեթր, իսկ մենք ունինք գրեթէ 1000 քմ սահման, որ այսօր ձեր ընկերները, ձեր հասակակիցները կը պաշտպանեն` կը պաշտպանեն լաւ, կը պաշտպանեն հայավարի, կը պաշտպանեն հպարտօրէն: Ամէն օր լիարժէք ապրելու հետ զուգահեռ, մենք պէտք է կատարելագործենք մեր վարպետութիւնը, մեր զինուորական վարպետութիւնը, տիրապետենք մեր զէնքին, եւ ոչ մէկը մեզ չի կրնար այս սահմաններէն կէս մեթր նոյնիսկ հեռու տանիլ: Բոլորիդ կենացը: Անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան այնուհետեւ այցելեց Տաւուշի մարզի Ծաղկաւան գիւղը, հանդիպում ունեցաւ համայնքի բնակիչներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը հետաքրքրուեցաւ բնակավայրի խնդիրներով, բնակիչներուն հետ զրուցեց զանոնք հետաքրքրող հարցերուն շուրջ եւ տօնական սեղանին շուրջ շնորհաւորեց ծաղկաւանցիները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:

Share this Article
CATEGORIES