Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր որոշումը մի՛ յետաձգէք կիրարկելու: Երկմիտ  մի՛ ըլլաք, ոչ ալ ուրիշներուն կարծիքին հետեւեցէք: Լաւագոյն ուղեցոյցը ձեր ներքին ձայնն է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ հիւրեր ունիք, ջանացէք հետաքրքրուիլ անոնց սիրած աշխատանքով եւ կիրարկած արուեստով: Ձեր անձնական հարցերը մի՛ ներկայացնէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք աւարտել իրարու վրայ բարդուած գործերը: Այսուհետեւ մի՛ ընդունիք ձեր բնական գործերէն աւելի աշխատանք: Քաղաքավարութեան վնասին մի՛ ենթարկուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր հմայքը պիտի ազդէ ձեր շրջանակին մէջ, ուստի ձեր կարգին բաց սրտով ընկերացէք ձեզի մօտեցողներուն` յարգելով անոնց ճաշակը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խիստ կեցուածք մի՛ ունենաք աշխատանքի ձեր գործակիցներուն նկատմամբ: Մի՛ խրտչեցնէք զանոնք ձեր տեղի-անտեղի հրահանգներով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի յանձնուած աշխատանքին մանրամասնութիւններով պիտի զբաղիք: Աւելի լաւ կ՛ընէք եթէ նախ հիմնական հարցը դասաւորէք, ապա միւսները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր ձեռնարկած ծրագիրը քիչ մը ուշանայ, աճապարանք մի ունենանք, առիթ տուէք, որ  հարցը քիչ մը եւս հասուննայ: Համբերեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան խնդրի մը կարգադրութեան համար պիտի միանաք: Համամիտ եղէք մեծամասնութեան որոշումին: Առանձին կեցուածքը կրնայ խանգարել համերաշխութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինքնավստահ էք, այսուհանդերձ դրամական հարց մը կարգադրելու պարագային չէք կրնար առանձին իրագործել: Դրամատնային հաշիւները գոցելու համար միասնականութիւնը անհրաժեշտ է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներկայ պիտի ըլլաք տօնական հանդիպումի մը, մի՛ մերժէք այս յատուկ հրաւէրը, ուրախ պիտի մնաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ տարուիք երեւոյթներէ, փայլուն տեսարաններէ: «Հեռուի թմբուկը զօրաւոր կը հնչէ», կ՛ըսեն: Հետեւեցէք այս իմաստութեան, կ՛օգտուիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հոգ տարէք ձեր զաւակներուն կամ ձեր հարազատներուն առողջութեան: Հետեւեցէք օգտակար սննդականոնի մը, փոխանակ անծանօթ ուտելիքներ օգտագործելու: Ուշադիր եղէք նաեւ անոնց քունի ժամերուն:

Share this Article
CATEGORIES