50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1964)
Խմբագրական
Ծնունդ
Ծնաւ անշուք գոմի մը մէջ, աղքատ ու համեստ ընտանիքի մը ուրախութեան արցունքներով: Լոյսի ճառագայթ մըն էր, որ կու գար պատռելու դարերու խաւարը, ու աւելի ահաւոր խաւարը հոգիներուն, որոնք անճառելի հրաշքի մը ջերմութեամբ պիտի տաքնային գալիք բոլոր ժամանակներուն:
Իր ծնունդին նման, նաեւ իր հիմնած կրօնը, որ խոնարհներու եւ աղքատներու կրօնը պիտի ըլլար, բարոյական բարձր հասկացողութիւններու վարդապետութիւնը, եւ այս` այնպիսի շրջանի մը, երբ մարդկութիւնը կ՛որոնէր իր հոգին:
Ու այսօր, աշխարհի գլխուն ծանրացող ահաւոր տագնապի այս օրերուն, տառապակոծ մարդկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ մը ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ մարդու հոգին:
Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ, մարդիկ պահ մը կը փորձեն վեր գալ բոլոր փորձութիւններէն, հասնիլ երազային բարձունքներուն, որոնելու համար մարդ ըլլալու մեծութիւնը:
– Որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգերը:
Հին ու գեղեցիկ հեքիաթի խորագիրն է այս, որ յամառող հարցումի մը հանգոյն, կը յուզէ մարդու հոգին, երբ կը փորձէ իմաստ տալ օրերու շղթային:
Ղօղանջը զանգերուն պիտի լսեն ու անով հրճուին այն մարդիկն ու ժողովուրդները միայն, որոնք Աստուածայայտնութեան խորհուրդին մէջ կը հաւատան լաւագոյն կեանքի մը կարելիութեան եւ քրիստոնէութեան իմաստը կը փնտռեն լաւագոյնին տենչալու եւ այդ տենչանքը գործնական կեանքի հանգանակ դարձնելու ճիգին մէջ:
Հայ ժողովուրդը հազարամեայ իր պատմութեան ընթացքին եղած է մարդկութեան այս ըմբռնումին հարազատ ներկայացուցիչը: Ու եթէ, հակառակ իր գլխէն անցած բոլոր փորձանքներուն, շարունակած է հաւատալ իր փրկութեան, ատիկա կը պարտի հոգեկան արժէքներուն տուած իր նախապատուութեան:
Զանգերը կը ղօղանջեն անոնց համար, որոնք կը հաւատան, զոհերը չեն կրծող տարակոյսին: Պիտի լսեն անոնք, որոնք կը հաւատան արդարութեան վերջնական յաղթանակին:
Զանգերը կը ղօղանջեն: Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բերնէն բարձրացող աղօթքի մրմունջները կ՛ելլեն դարձեալ` արդարութեան նոյն պաղատանքով:
Ու վստահ եղէք, արդարութիւնը պիտի չկրնայ իր երեսը յաւիտեանս ծածկել մեզմէ: Պիտի փշրուին գերութեան բոլոր շղթաները, եւ անմեղներու ճակատները պիտի պայծառանան արդարութեան յաղթանակով:
Ա՛յս է օրուան խորհուրդը, որ կը լեցնէ հոգիներն անոնց, որոնք, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, հաւատքին կայծով կը բոցկլտան:
Սիրոյ եւ հաճութեան պատգամն է, որ կ՛աւետուի Աստուծոյ տաճարէն` հասնելու համար բոլոր տառապողներուն, բոլոր զրկեալներուն:
Խաղաղութեան պատգամն է դարձեալ, որ կ՛արձագանգէ ամէնուրեք` բոլոր կուրծքերէն պոռթկացող աղաչանքի մը հանգոյն:
Անշուք մսուրէն բարձրացող ակնախտիղ լոյսն է, որ կ՛ողողէ տիեզերքը` պայծառացնելով հորիզոնները մարդկային կարելիութեանց:
Ու այդ պատգամին ունկնդիր, այս լոյսին սեւեռուն մարդկութիւնը կու տայ Մեծ Աւետիսը` անհուն հրճուանքով:
Ատիկա աւետիսն է երկրի վրայ խաղաղութեան եւ մարդոց հաճութեան: Քրիստոնէավայել կեանքի մը ըմբռնումին, գերազանցապէս մարդկային իր բնոյթով եւ սկզբունքներով:
Նիւթապաշտ այս դարուն` դէպի ակունք այս վերադարձը, տարին անգամ մը կու գայ շեշտելու բարոյական արժէքներու եւ վեհ ըմբռնումներու տիրապետող ներկայութիւնը մարդոց հոգիին մէջ:

